Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ 1998-ի Ընտրութիւնները Կեղծելու Դրուագով Քրէական Գործի Յարուցումը Մերժուած է

1998-ի Ընտրութիւնները Կեղծելու Դրուագով Քրէական Գործի Յարուցումը Մերժուած է

by MassisPost

Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ) մերժած է քրէական գործ յարուցել 1998 թուականի նախագահական ընտրութիւնները կեղծելու դրուագով։ ՅՔԾ-էն յայտնած են՝ գործին ընթացք չէ տրուած, քանի որ անցած է վաղեմութեան ժամկէտը:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վահան Շիրխանեանը ըսած է՝ իրեն համար սպասելի էր այս որոշումը, թէեւ կը շարունակէ պնդել՝ 1998-ի նախագահական ընտրութիւններուն տեղի ունեցած է յանցագործութիւն:

Իրաւապահներու համար նիւթեր նախապատրաստելու առիթ դարձած էր Շիրխանեանի բաց նամակը՝ ուղղուած Մարտ 1-ի գործով առանցքային մեղադրեալ, կալանքի տակ գտնուող Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին։

«Մօտաւորապէս պատկերացնում էի: Նշանակում է, որ մարդը կարող է ծանրագոյն յանցանք գործել, 20 տարի գլուխը պահել, վայելել ու յետոյ գալ ասել՝ վաղեմութեան ժամկէտը անցել է: Ես ներկայացրել եմ փաստեր եւ ամէն փաստի համար պատասխանատու եմ», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է պաշտպանութեան նախկին փոխնախարարը:

Հայաստանի երկրորդ նախագահին ուղղուած բաց նամակին մէջ Վահան Շիրխանեանը, մասնաւորապէս, գրած է․ – «1998 թուականի Մարտի  30-ը, նախագահական ընտրութիւնների 2-րդ փուլ։ Բացառապէս Վազգէն Սարգսեանի խօսքին տրուած 27 տոկոս քուէն դարձրիր քեզ համար 59 տոկոս եւ քեզ հռչակեցիր ՀՀ նախագահ։ Իսկ 73 տոկոս ստացած Կարէն Տեմիրճեանին «մեծահոգաբար» տուեցիր 41 տոկոս՝ խոստանալով նաեւ վարչապետի պաշտօնը՝ Վազգէնի պահանջով։ Եւ, ի հարկէ, խաբեցիր, ինչպէս միշտ»:

ՅՔԾ-ի որոշումը պէտք է ընդունիլ ի գիտութիւն, ըսած է Շիրխանեանը: Ան դիտաւորութիւն չի տեսներ ՅՔԾ-ի որոշման մէջ․ – «Չէ, չէ, չէ, առարկայականօրէն վաղեմութեան ժամկէտը իսկապէս անցել է, իսկապէս անցել է: Այ էդտեղ օրէնքի տրամաբանութիւնն է ինձ հետաքրքիր, թէ ի՞նչ է, էդ դէպքում թոյլ է տրւում յանցանք կատարել եւ սպասել՝ վաղեմութեան ժամկէտը անցնի, ու գալ՝ «էլ ես այլեւս յանցագործ չե՞մ»:

21 տարի առաջ ընտրութիւններու ժամանակ տեղ գտած լայնածաւալ կեղծիքներու մասին բարձրաձայնած պաշտպանութեան նախկին փոխնախարարը ՅՔԾ-եան նաեւ պատմած էր, թէ այդ ժամանակ յաղթած թեկնածու Ռոպերթ Քոչարեանը վերջին տասը տարին Հայաստանի քաղաքացիութեան եւ մշտական բնակութեան մասին կեղծ տեղեկանք ներկայացուցած է: Իրաւապահները այս դրուագով եւս քրէական գործ չեն յարուցած, քանի որ անցեալին այդ մեղադրանքը չէ հիմնաւորուած:

«Դէ որոշում չկայ, ուղղակի կարգադրել են կարճել գործը՝ կարգադրել են, եւ գործը կարճուել է: Սա առաւել հետաքրքիր է, թէ ինչ հիմունքով են ասում, որ հիմք չկայ՝ յարուցելու գործ: Դէ կեղծիքը հենց էդտեղ է եղել, որ դատախազութիւնը չի ուղարկել դատարան», –  «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Շիրխանեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment