Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մնացականեան․ Հայաստանը Պիտի Շարունակէ Առաջ Տանիլ Ցեղասպանութեան Կանխարգելման Օրակարգը

Մնացականեան․ Հայաստանը Պիտի Շարունակէ Առաջ Տանիլ Ցեղասպանութեան Կանխարգելման Օրակարգը

by MassisPost

Հայաստանը՝ որպէս միջազգային հանրութեան պատասխանատու անդամ, պիտի շարունակէ հետեւողականօրէն առաջ տանիլ ցեղասպանութեան կանխարգելման օրակարգը: Այս մասին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը Քիկալի պաշտօնական այցի շրջանակէն ներս, Ռուանտայի խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Տոնաթիլ Մուքապալիսայի հետ հանդիպման ժամանակ:

Զրուցակիցները շեշտած են այդ հարցի վերաբերեալ միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի եւ Ռուանտայի համատեղ ջանքերու ներդրման կարեւորութիւնը:

mnasakanian-rwanda-1

Տոնաթիլ Մուքապալիսան ողջունած եւ բարձր գնահատած է Զոհրապ Մնացականեանի մասնակցութիւնը Ռուանտայի ցեղասպանութեան 25-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն:

Ներկայացնելով թաւշեայ յեղափոխութեան շնորհիւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները եւ անոր յաջորդած զարգացումները, Մնացականեանը ընդգծած է, որ կառավարութեան՝ ժողովուրդի կողմէն տրուած լայն մանտաթի հիման վրայ իրագործուող բարեփոխումները ուղղուած են երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տնտեսական ոլորտի մէջ հաւասար հնարաւորութիւններու ընձեռման, կը հաղորդէ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment