Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վիեննայէն Մինչեւ Նիւ Եորք

Վիեննայէն Մինչեւ Նիւ Եորք

by MassisPost

Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ առաջին պաշտօնական հանդիպումը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի հովանաւորութեան տակ: Հանդիպումի աւարտին Մինսկի Խումբի համանախագահները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, շեշտելով որ, հանդիպումը տեղի ունեցած է դրական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ եւ հնարաւորութիւն տուած է երկու առաջնորդներուն պարզաբանելու իրենց դիրքորոշումները:

Բնականաբար այս յայտարարութենէն կարելի չէ եզրակացութիւններ կատարել, սակայն մէկ բան յստակ է, որ վերջին շրջանին Ատրպէյճանական կողմը դարձած է շատ աւելի զգուշաւոր, ե՛ւ բանակցութիւններու սեղանին ե՛ւ սահմանագծի վրայ: Հաւանաբար այս բոլորին մէջ որոշ դեր ունեցած է Հայաստանի որդեգրած նոր դիրքորոշումները՝ բանակցային գործընթացին Արցախի մասնակցութեան պահանջք ներկայացնելով եւ տագնապի լուծման նախկին առաջարկներու՝ յատկապէս Մատրիտեան սկզբունքներու անընդունելի ըլլալու կապակցութեամբ:
Անդին, ովկիանոսի միւս կողմը՝ Նիւ Եորքի մէջ Հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան կատարեց ուշագրաւ յայտարարութիւն մը ըսելով որ, Ատրպէյճանի կողմէ առաջ մղուող՝ «խաղաղութիւն՝ տարածքներու դիմաց» առաջարկին Հայկական կողմը ունի իր պատասխանը՝ «նոր պատերազմ, նոր տարածքներու դիմաց»: Այսինքն, եթէ Ատրպէյճան դիմէ պատերազմական գործողութիւններու, Հայկական բանակը պատրաստ է անցնելու հակայարձակման ու նոր հողեր վերցնելու իր հսկողութեան տակ: Թէեւ, առաջին անգամ չէ որ Տոնոյեան նման ակնարկ կը կատարէր, սակայն այս անգամ շատ աւելի յստակ բանաձեւուած էր ու հասցէագրուած:

Ակնյայտ է որ, Հայաստանի նոր իշխանութիւնները Արցախեան հարցով դարձած են օրակարգ թելադրող կողմը: Պատերազմական գործողութիւններու վերսկսման պարագային պատրաստ են դիմագրաւելու բոլոր հաւանականութիւնները:

Ֆութպոլի մէջ ասացուածք կայ, որ կ՛ըսէ՝ «յարձակումը պաշտպանութեան լաւագոյն միջոցն է»: Այս սկզբունքը կը թուին որդեգրած ըլլալ Հայկական կողմի ներկայացուցիչները՝ Վիեննայէն մինչեւ Նիւ Եորք ու առաջին արդիւնքները բաւական դրական են ու ցայտուն:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment