Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտպանութեան Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը Հանդիպած է Քանզասի Նահանգապետ Լորա Քելլիին Հետ

Պաշտպանութեան Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը Հանդիպած է Քանզասի Նահանգապետ Լորա Քելլիին Հետ

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, ՄԱԿ-ի խաղաղապահութեան պաշտպանութեան նախարարներու համաժողովին մասնակցելու նպատակով, 26 Մարտին մեկնած է ԱՄՆ:

Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ 27 Մարտին Դաւիթ Տօնոյեանը հանդիպած է Քանզասի նահանգապետ Լորա Քելլիին (Laura Kelly)։ Հանդիպման ընթացքին Քանզասի Ազգային խնամակալութեան հրամանատար, զօրավար Լի Թաֆանէլին նահանգապետ Քելլիին ներկայացուցած է Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան եւ Քանզաս նահանգի միջեւ ռազմական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ իրականացուող ծրագրերը։

kansas-4

Նախարար  Տօնոյեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Լորա Քելլիին՝ նահանգի Ազգային խնամակալութեան հետ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար։ Նախարար Տօնոյեանն ու նահանգապետ Քելլին քննարկած են փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը առաւել խորացնելու հնարաւորութիւնները։

Դաւիթ Տօնոյեանը նահանգապետին յանձնած է պատմական փաստաթուղթերու փաթեթ, որուն մէջ ներկայացուած են ԱՄՆ-ի կողմէ վերջին դարուն իրականացուած մարդասիրական առաքելութիւններու հետ կապուած դրուագներ՝ ուղղակիօրէն առնչուող Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ։ Նահանգապետ Քելլին, իր հերթին, տեղեկացուցած է, որ 2019-ի 27 Մարտը հռչակուած է որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ամերիկեան Քանզաս նահանգի միջեւ համագործակցութեան օր եւ Դաւիթ Տօնոյեանին փոխանցած է համապատասխան հռչակագիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment