Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քոնկրեսականները Կոչ Կ’ընեն Աջակցելու Հայաստանի եւ Արցախի 100 Միլիոն Տոլար Օգնութեան Փաթեթին

Քոնկրեսականները Կոչ Կ’ընեն Աջակցելու Հայաստանի եւ Արցախի 100 Միլիոն Տոլար Օգնութեան Փաթեթին

by MassisPost

ԱՄՆ Քոնկրեսի 35 անդամներ միացած են հայկական հարցերով կոմիտէի համանախագահ Ֆրենք Փալոնէի նախաձեռնութեան եւ կոչ ըրած են աջակցելու 2020 տնտեսական տարուան Հայաստանի եւ Արցախի 100 միլիոն տոլար օգնութեան փաթեթին:

Աւելի վաղ Փալոնէն առաջարկած էր աջակցիլ Արցախին 6 միլիոն տոլարի օգնութեան փաթեթին՝ աւարտելու համար ականազերծման եւ հաշմանդամներու վերականգնման ծրագրերը, 4 միլիոն տոլար Ռոյսի եւ Էնկէլի առաջարկներու առաջմղման համար, 60 միլիոն տոլարի տնտեսական օգնութիւն Հայաստանին, 10 միլիոն տոլար ռազմական օգնութիւն եւ 20 միլիոն տոլար Հայաստանին՝ փախստականներուն օգնութիւն ցոյց տալու համար:

Քոնկրեսականները նաեւ կոչ ըրած են դադրեցնել Ատրպէյճանին ռազմական օգնութեան ցուցաբերումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment