Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Կառավարութիւնը Նախանձախնդիր է Մեր Երկրի եւ Ժողովուրդի Ինքնիշխանութեան Պաշտպանութեան Հարցին Վերաբերեալ. Փաշինեան

Մեր Կառավարութիւնը Նախանձախնդիր է Մեր Երկրի եւ Ժողովուրդի Ինքնիշխանութեան Պաշտպանութեան Հարցին Վերաբերեալ. Փաշինեան

by MassisPost

Կառավարութեան ծրագրի 2018 թուականի կատարողականի երկու օր տեւած աննախադէպ քննարկումը խորհրդարանէն ներս աւարտած է:

«Մեր կառավարութիւնը նախանձախնդիր է մեր երկրի եւ ժողովրդի ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան հարցում», – խորհրդարանէն ներս ունեցած իր եզրափակիչ ելոյթին մէջ յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Պապաճանեանի քննադատութեան:

«Ես ձեզ ուզում եմ հաւաստիացնել կամ հաւաստիացնելու կարիք չկայ, դուք պիտի որ տեսնէիք, որ մեր կառավարութիւնը նախանձախնդիր է մեր երկրի եւ ժողովրդի ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան հարցում բոլոր ուղղութիւններով», – նշած է վարչապետը։

Պապաճանեանը իր ելոյթին մէջ քննադատած էր կառավարութեան արտաքին քաղաքականութիւնը՝ նշելով, թէ Հաւաքական անվտանգութեան մասին Պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ Հայաստանը ձախողած է, հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ վստահութիւնը չէ մեծցած, վիճայարոյց որոշում կայացուած է Սուրիա մարդասիրական առաքելութիւն ուղարկելու մասին, յեղափոխութենէն ետք վարուած է միակողմանի՝ Ռուսաստանին ուղղուած արտաքին քաղաքականութիւն, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները ոչ միայն չեն զարգացած, այլեւ այժմ վտանգուած է այդ յարաբերութիւններու տնտեսական բաղադրիչը՝ Ամուլսարի հանքավայրի հետ առաջացած խնդիրներու պատճառով:

«Թաւշեայ յեղափոխութիւնից յետոյ շատերի մօտ կար կարծիք, որ վերջապէս մեր արտաքին քաղաքականութիւնը կը զանազանակերպուի ու վերջ կը տրուի միագիծ քաղաքականութեանը, ցաւօք, դա տեղի չունեցաւ», – ըսած է Պապաճանեանը։

Փաշինեանը հակադարձած է, որ Հայաստանը որոշումներ ընդունած է իր ինքնիշխան շահերէն ելլելով, իսկ Միացեալ Նահանգները  չէ արձագանգած յեղափոխութեան։

«Ես, օրինակ, Ամերիկայի ներկայացուցիչներին էլ եմ ասել՝ ես համարում եմ, որ իրանք գործնականում զրօ արձագանգ են տուել, ինչո՞ւ։ Երբ որ մենք ասում ենք՝ մեզ համար կարեւորը մեր երկրի ինքնիշխանութիւնն է, մենք նկատի չունենք, որ կախուածութիւնը Ա կէտից պէտք է փոխարինենք կախուածութեամբ Բ կէտից», – ընդգծած է վարչապետը։

Փաշինեանը չէ համաձայնած, որ ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանը ձախողած է՝ չկարողանալով նշանակել իր ներկայացուցիչը՝ Մարտ 1-ի գործով մեղադրեալ Եուրի Խաչատուրովի յետկանչէն ետք։

«Մեր նկատմամբ, թոյլ տուէք ասել, որ յարգանքը մեծացել է», -ըսած է վարչապետը։

Ինչ կը վերաբերի Սուրիա ուղարկուած մարդասիրական առաքելութեան, Փաշինեանը շեշտած է, որ այդ Հայաստանի պատմական առաքելութեան մասն է։

«Եթէ էսօր մեր բժիշկը էնտեղ փրկել է մի մարդու կեանք, ում պապը մեր Ցեղասպանութիւնից մազապուրծ մի հայրենակցի օգնել է, մի կտոր հաց է տուել կամ մի բաժակ ջուր, ես համարում եմ, որ մենք դրանով էդ պատմական պարտքը վերադարձնում ենք Սիրիայի ժողովրդին։ Ունի՞ ռիսքեր էդ առաքելութիւնը, թէ՞ ոչ՝ իհարկէ ունի, բայց արդեօ՞ք սա մեծացնում է Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ միջազգային անհատականութիւնը՝ այո, մեծացնում է», – շեշտած է կառավարութեան ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment