Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ատրպէյճանը Պելառուսիայէն Ձեռք Բերած է 7A0917 «Լեքթոր» Համակարգեր

Ատրպէյճանը Պելառուսիայէն Ձեռք Բերած է 7A0917 «Լեքթոր» Համակարգեր

by MassisPost

Ատրպէյճանը Պելառուսիայէն  ձեռք բերած է 7A0917 «Լեքթոր» հրետանային կրակի կառավարման համակարգեր, որոնք կիրառուած են Մարտի կէսերուն իրականացուած լայնածաւալ զօրավարժութիւններու ընթացքին:

Ըստ ատրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրներու, Պաքուն Մինսքի հետ ռազմական այս գործարքը աւարտին հասցուցած է անցած Փետրուարին՝ Ապու Տապիի մէջ կայացած ռազմաարդիւնաբերական IDEX-2019 ցուցահանդէսէն ետք։

«Լեքթոր» համակարգը թոյլ կու տայ տուեալներ հաւաքել, հաշուարկային եւ տեղեկատուական խնդիրներ լուծել։ Համալիրը բաղկացած է նաեւ օդերեւութաբանական կայանէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment