Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Բացուած է Պանիրի եւ Կաթնամթերքի Ժամանակակից Արհեստագիտութեամբ Օժտուած Գործարան

Հայաստանի Մէջ Բացուած է Պանիրի եւ Կաթնամթերքի Ժամանակակից Արհեստագիտութեամբ Օժտուած Գործարան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայ գտնուած է «Սփայքա» ընկերութեան պանիրի եւ կաթնամթերքի այլ տեսակներու ժամանակակից     արհեստագիտութեամբ   օժտուած  գործարանի բացման արարողութեան:

Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջի, Փաշինեանը շրջայց կատարած է գործարանով՝ ծանօթացած 15 միլիոն տոլար արժողութեամբ ներդրումային ծրագրով իրականացուած աշխատանքներուն ու արտադրական գործընթացին: Գործարանին մէջ ստեղծուած է 120 նոր աշխատատեղ:

Տեղեկացուած է, որ արտադրական հոսքագիծը թոյլ կու տայ արտադրել բորբոսով պանիրներու ամբողջ տեսականին: Սամպիէլ ապրանքանիշով պանիրի տարեկան արտադրութիւնը կը կազմէ աւելի քան 2000 թոն: Արտադրանքը պիտի սպառուի Հայաստանի մէջ, Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ:

sambiel-2

Գործարանի կողմէն տարեկան պիտի մթերուի աւելի քան 20 միլիոն լիթր որակեալ կաթ: Ընկերութիւնը հիմնած է տարրալուծարան՝ կաթի որակի ստուգման համար:

Երկրորդ փուլին այս գործարանի հարեւանութեամբ ընկերութիւնը կը նախատեսէ կառուցել լրացուցիչ 2-րդ գործարանը կիսաչոր եւ չոր պանիրներու տեսականիի համար, ինչի նպատակով համատեղ ներդրումներ կը նախատեսուի հոլանտական ներդրող ընկերութեան հետ: Երկրորդ փուլին պիտի արտադրուին հոլանտական ու զուիցերական տեսակի բարձրակարգ պանիրներ:

Ներդրումներու ընդհանուր չափը պիտի կազմէ մօտ 30 միլիոն տոլար, իսկ գործարանի արտադրողականութիւնը ատոր շնորհիւ պիտի աւելնայ աւելի քան 6 հազար թոնով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment