Աւստրալահայ գործիչ Կլատիս Պերեճիքլեանը Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն յաղթանակ տարած է՝ դառնալով առաջին կին գործիչը, որ ընտրուած է նահանգի վարչապետի պաշտօնին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ The Sydney Morning Herald-ը:
Պերեճիքլեանի քաղաքական ուժը՝ Լիպերալ կուսակցութիւնը յաղթած է ընտրութիւններուն իր հիմնական մրցակցին՝ Աշխատաւորական կուսակցութեան:
Ընտրութիւններուն յաղթանակի մասին իմանալէ ետք Կլատիս Պերեճիքլեանը փորձած է զսպել արցունքները՝ յայտարարելով, որ Նոր Հարաւային Ուէյլզը այն նահանգն է, ուր «երկար ազգանուն ունեցող կին գործիչը կրնայ ընտրուիլ վարչապետի պաշտօնին»:
«Ես անասելիօրէն հպարտ եմ այն վայրի համար, ուր մենք կ’ապրինք: Եւ ամենակարեւորը ինծի համար այն է, որ անկախ անկէ, թէ ինչ ծագում ունիս, ուր կ’ապրիս ու ինչ պայմաններու մէջ՝ այս նահանգին մէջ իւրաքանչիւրը ունի հնարաւորութիւն ըլլալու լաւագոյնը»,- ըսած է Պերեճիքլեանը յաղթանակէն ետք իր կողմնակիցներուն առջեւ ունեցած ելոյթի ժամանակ:
Ընդդիմութեան առաջնորդ, Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Մայքլ Տելին թէեւ նշած է, որ ընտրութիւններու յայտարարուած արդիւնքները դեռ վերջնական չեն, այդուհանդերձ զանգահարած եւ շնորհաւորած է Կլատիս Պերեճիքլեանը:
Դեռ յստակ չէ՝ արդեօք Պերեճիքլեանի կուսակցութիւնը մեծամասնական կառավարութիւն կը կազմէ, թէ ոչ:
Նշենք, որ Կլատիս Պերեճիքլեանը 2017 թուականէն կը զբաղեցնէր Նոր Հարաւային Ուէյլզի վարչապետի պաշտօնը: Այդ ժամանակ Լիպերալ կուսակցութեան առաջնորդ Մայք Պայրտը հրաժարական տուած էր, եւ կուսակցութեան անդամները միաձայն նոր առաջնորդի եւ նահանգի ղեկավարի պաշտօնին ընտրած էին Պերեճիքլեանը: