Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արթուր Վանեցեանը ո՛չ Հերքեց եւ ո՛չ ալ Հաստատեց Նայիրի Յունանեանի՝ ԱԱԾ Գործակալ Ըլլալու Հարցը

Արթուր Վանեցեանը ո՛չ Հերքեց եւ ո՛չ ալ Հաստատեց Նայիրի Յունանեանի՝ ԱԱԾ Գործակալ Ըլլալու Հարցը

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) պետ Արթուր Վանեցեանը  «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան ոչ հերքած, ոչ ալ հաստատած է, թէ արդեօք 27 Հոկտեմբեր 1999-ի գործով ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Նայիրի Յունանեանը ԱԱԾ գործակալ է, թէ՝ ոչ:

Յիշեցնենք՝ օրեր առաջ Պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վահան Շիրխանեանը բաց նամակ գրած էր՝ ուղղուած երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին, ուր նշած էր, թէ 27 Հոկտեմբերէն ետք իրեն, Գագիկ Ջհանգիրեանին եւ Ռոպերթ Քոչարեանին ԱԱԾ նախկին տնօրէն Գորիկ Յակոբեանը ներկայացուցած է թղթապանակ մը՝ ԱԱԾ գործակալ Նայիրի Յունանեանի մասին, սակայն յետագային այդ թղթապանակը անհետացած է:

«Միգուցէ յայտնե՞ս, թէ ո՞վ հրահանգեց ոչնչացնել այդ գործը, որը մենք չորս զոյգ աչքերով տեսանք Կարէն Տեմիրճեանի աշխատասենեակի սեղանին», – Ռոպերթ Քոչարեանին հեռակայ հարցուցած էր Վահան Շիրխանեանը:

shirkhanyanՎահան Շիրխանեանը իր նամակին մէջ նաեւ պնդած է, որ Ռոպերթ Քոչարեանը 27 Հոկտեմբերի ոճրագործութեան օրը ուշացումով խորհրդարան գացած է, քանի որ «սպասում էիր կատարուածի արձագանգին՝ յուսալով, որ ժողովուրդը ոճրագործին կը հերոսացնի, սպասում էիր գործողութեան շարունակութեանը՝ նոր ուժերի ներգրաւումով, յոյս ունէիր, որ Վազգէնի թիմը կը գրոհի դահլիճի վրայ, կոչնչացնի տականքներին, եւ դու կ’ունենաս թիմը ոչնչացնելու բոլոր հիմքերը։ Հանդիպումդ տականքիդ հետ ուշացրիր 13 ժամ, որպէսզի նրանք արիւնաքամ լինեն, եւ եթէ նրանց մէջ լինէր վիրաւոր, փրկելու շանս չմնար։ Նման հաշուարկ կարող էիր անել միայն դու», – գրած է Վահան Շիրխանեանը։

Հարցին, թէ արդեօ՞ք պաշտպանութեան նախկին փոխնախարարի նամակին մէջ 27 հոկտեմբերի հետ կապուած նոր հանգամանքներ կան, Արթուր Վանեցեանը պատասխանած է, թէ Գլխաւոր դատախազը Շիրխանեանի յայտնի նամակը ուղարկած է ԱԱԾ եւ ՅՔԾ, կը կատարուին համապատասխան ստուգողական աշխատանքներ, եւ եթէ ըլլան փաստեր, որոնք հիմք կու տան վերաբանալ 27 հոկտեմբերի գործը, կամ յարուցել նոր քրէական գործ, ապա այդ մէկը միանշանակ կը կատարուի:

Մինչ Յատուկ Քննչական ծառայութիւնը կը հաստատէ կամ կը հերքէ 27 Հոկտեմբերի  հետ կապուած Վահան Շիրխանեանի յայտարարութիւնները, նաեւ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Նայիրի Յունանեանի՝ ԱԱԾ գործակալ ըլլալու փաստի հետ կապուած, Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ շեշտած է՝ Վահան Շիրխանեանի կողմէ հրապարակուած հարցաշարը իր մէջ կը պարունակէ շատ կարեւոր դրոյթներ եւ լուրջ բացայայտումներու հնարաւորութիւն կու տայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment