Աւստրալիոյ վարչապետ Սքոթ Մորիսըն խստօրէն քննադատած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւնները` պնդելով, որ Նոր Զելանտայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններու ֆոնին անոնք աւելի կը սրեն իրավիճակը:
«Էրտողանի յայտարարութիւնները խիստ վիրաւորական էին աւստրալացիներու համար: Ես կ’ակնկալեմ եւ պահանջած եմ, որպէսզի այս յայտարարութիւններու առթիւ [Թուրքիան] հանդէս գայ պարզաբանումներով», – նշած է աւստրալական կառավարութեան ղեկավարը:
Դիւանագիտական սքանտալը ծագած է Թուրքիոյ նախագահի` օրերս հնչեցուցած յայտարարութիւններէն ետք: Մեկնաբանելով Նոր Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը, որու հեղինակը Աւստրալիոյ քաղաքացի է, Էրտողանը յայտարարած էր. – «Իսլամի հանդէպ թշնամաբար տրամադրուած որեւէ աւստրալացիի տուն կ’ուղարկենք դագաղի մէջ, ինչպէս անոնց պապերուն՝ Կալիփոլիի ճակատամարտէն ետք»:
Իր այս յայտարարութեան մէջ Էրտողանը կ’ակնարկէր Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած Կալիփոլիի (Չանաքգալէ) ճակատամարտը, որու ընթացքին շուրջ 8 հազար աւստրալացի զինուորականներ զոհուած են: