Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւ. Ատրպէյճանը Դէմ է Բանակցային Ձեւաչափի Փոփոխութեան

Ալիեւ. Ատրպէյճանը Դէմ է Բանակցային Ձեւաչափի Փոփոխութեան

by MassisPost

Ղարաբաղեան խնդիրը կրնայ կարգաւորուիլ միայն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակէն մէջ, Նովրուզի առթիւ հրապարակած շնորհաւորական ուղերձին մէջ յայտարարած է Իլհամ Ալիեւը: Ատրպէյճանի նախագահը վերստին նշած է՝ Պաքուն դէմ է բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան, եւ պնդած է, թէ այս դիրքորոշումը կը պաշտպանեն նաեւ խնդրով զբաղուող միջնորդները:

«Հայկական կողմը հարց բարձրացուցած է բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան մասին, Ատրպէյճանը, բնականաբար, դէմ է անոր: Միաժամանակ, Մինսքի խումբի համանախագահները՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի ներկայացուցիչները, հանդէս գալով կարեւոր յայտարարութեամբ, ընդգծած են, որ ձեւաչափը պէտք է մնայ անփոփոխ: Նոյնաբովանդակ յայտարարութիւններով հանդէս եկած են նաեւ Եւրոմիութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները: Սա միանշանակ լուրջ ազդակ է Հայաստանի համար եւ կը վկայէ, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը երթալով աւելի մեծ աջակցութիւն կը ստանայ», – ըսած է Ալիեւը:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էր՝ Ղարաբաղը բանակցային սեղան վերադարձնելու առաջարկը ոչ թէ ձեւաչափի փոփոխութեան, այլ բանակցային ձեւաչափի վերականգնման առաջարկ է, փաստելով, որ 1994 թուականի հրադադարի համաձայնագիրը ստորագրուած է հակամարտող երեք կողմերու՝ Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի կողմէն, յետոյ ալ այդ ձեւաչափը ամրագրուած է միջազգային այլ փաստաթուղթերու մէջ:

Ատրպէյճանի նախագահը հայկական կողմի այս փաստարկներուն որեւէ կերպ չէ արձագանգած: Իլհամ Ալիեւը միայն պնդած է, որ «Ղարաբաղը Ատրպէյճանի պատմական տարածքն է, եւ խնդիրը պէտք է կարգաւորուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներէն ներս»:

Խօսելով բանակցութիւններու մասին՝ Ալիեւը միաժամանակ ընդգծած է, որ անոնց զուգահեռ Ատրպէյճանը կը շարունակէ իր ռազմական ներուժը հզօրացնել. – «Անցած տարի իրականացուած երկու ռազմական շքերթները ցոյց տուին ողջ աշխարհին մեր զինուժի հզօրութիւնը: Այս տարի, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարիներուն մենք պիտի ընենք ամէն հնարաւորը մեր բանակաշինութեան համար: Ատրպէյճանի բանակը կը զինուի ամենաարդիական ռազմական սարքերով, եւ մեր անվտանգութիւնը օրէ օր աւելի կ’ամրապնդուի»:

Նախագահ Ալիեւէն բացի ղարաբաղեան խնդրի մասին խօսած է նաեւ անոր աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան վարչութեան պետ Հիքմէթ Հաճիեւը՝ թրքական «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ: Անդրադառնալով ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու միջնորդներու կոչին, Հաճիեւը պնդած է. – «Միայն արդարացի լուծումը կրնայ նպաստել կայուն խաղաղութեան: Հայկական զօրքերը պէտք է դուրս բերուին ատրպէյճանական տարածքներէն, ատրպէյճանցի փախստականները՝ վերադառնան իրենց բնակավայրերը: Միայն այսպէս հնարաւոր է հասնիլ արդարացի լուծման»:

«Ատրպէյճանը արդէն 25 տարի է՝ բանակցութիւններ կը վարէ, ինչը կը վկայէ խաղաղ բանակցութիւններուն մասնակցելու եւ փոխզիջման պատրաստակամութեան մասին: Սակայն այսպէս չի կրնար անվերջ շարունակուիլ», – ընդգծած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեան «Անատոլու»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment