Home ԱՅԼԱԶԱՆ Ո՞վ է Լէքս Նաճարեանը

Ո՞վ է Լէքս Նաճարեանը

by MassisPost

Գէորգ Քէօշկէրեան

Ամէն անգամ որ հայ մը փայլի՝ որպէս մարզիկ, արուեստագէտ եւ կամ քաղաքական գործիչ, հայրենի թէ օտար երկնակամարի տակ, մեր սրտերը կը լեցուին հպարտութեամբ եւ անհուն գոհունակութեամբ եւ մենք կ՛ուզենք տարածել այդ լուրը համայն հայութեան, որպէսզի իրենք ալ բաժնեկից դառնան մեր ուրախութեան։

Ահաւասիկ այդ վերջին աստղերէն մին է Լէքս Նաճարեանը, որ կ՛ապրի Նէպրասքա նահանգի Լինքըն քաղաքին մէջ։ Լէքս Նաճարեան 2012-ին աւարտած է երկրորդական վարժարանը եւ 2017-ին համալսարանը՝ ստանալով Պսակաւոր Արուեստից Տիտղոս, հոգեբանութեան ճիւղին մէջ։

Լէքս Նաճարեան (տես նկարը) այս տարուան Յունուար ամսուն ընտրուած է Նէպրասքա նահանգի գեղեցկութեան թագուհի (Miss Nebraska) եւ առ այդ պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու գեղեցկութեան թագուհիի մրցոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան ընթացքին՝ Լուիզիանա նահանգի Շրէվըփորթ-Պօսիյէ (Shreveport-Bossier) քաղաքին մէջ։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ Լէքս Նաճարեան կը սերի ազգային բարերարի մը ընտանիքէն։ Արդարեւ՝ Լէքսի մեծ հօր Սարգիսի մեծ հայրը ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ նոյն ինքն Խարբերդցի Լազար Նաճարեանը, որու նիւթական օժանդակութեամբ հիմնուած է Հալէպի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լազար Նաճարեան նախակրթարանը, 1954 թուականին։

1959 թուականին՝ այդ նախակրթարանին աւելցաւ երկրորդական բաժին մըն ալ, նիւթական օժանդակութեամբը Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի հայկական բաժանմունքին եւ դպրոցը վերանուանեուցաւ ՀԲԸ Միութեան Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան, որ տակաւին գործօն է Հալէպ քաղաքին մէջ։

Գալով Լէքս Նաճարեանի մեծ հօր Սարգիսի կենսագրութեան, ան ուսանեցաւ բժշկութիւն եւ դարձաւ նշանաւոր վիրաբոյժ՝ մասնագիտանալով երիկամի, շարոյրի եւ լեարդի պատուաստումին (transplant) մէջ, հաստատուելով Մինիսոթա նահանգին մէջ։ Ինչո՞ւ այս մասնագիտութիւնը, որովհետեւ իր հայրը Կարապետ շատ հիւանդ էր երբ ինք կը մեծնար եւ ան մահացաւ 56 տարեկանին, մինչ Կարապետի հայրը բարերար Լազար Նաճարեան ապրեցաւ 93 տարի։

Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը 2018-ի Միացեալ Նահանգներու գեղեցկութեան թագուհին ընտրուած էր Նէպրասքա նահանգէն եւ կը կոչուի Ռոզ Սամըրզ։ Մեր մաղթանքն է որ հայազգի Լէքս Նաճարեան ոչ թէ միայն ընտրուի Միացեալ Նահանգներու գեղեցկութեան թագուհի, այլեւ Տիեզերքի գեղեցկութեան թագուհի (Miss Universe), որ տեղի պիտի ունենայ այս տարի՝ Թայլէնտի մայրաքաղաք Պէնքոքի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment