Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ «Նոր Օր » Շաբաթաթերթի Գրական Երեկոյ – Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 150 եւ Վահան Թէքէեանի Ծննդեան 140 Ամեակները

«Նոր Օր » Շաբաթաթերթի Գրական Երեկոյ – Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 150 եւ Վահան Թէքէեանի Ծննդեան 140 Ամեակները

by MassisPost

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 21, երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ Արեւմտեան թեմի «Գալայճեան » սրահին մէջ (3325 No. Glenoaks Blvd., Burbank) տեղի պիտի ունենայ գրական բացառիկ երեկոյ մը, չըսելու համար հայ գրականութեան անմոռանալի հրավառութիւն մը, նուիրուած`հայ գրականութեան անթառամ փառքերէն, անմահներ` «Ամենայն հայոց բանաստեղծ » Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150 ամեակին եւ «Հայ բանաստեղծութեան իշխան » Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140 ամեակին:

Հայ գրականութեան երկնակամարին վրայ ճառագայթող այս երկու տիտանները ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլ` ամենայն համեստութեամբ կարելի է ըսել, միջազգային գրականութեան անդաստանին մէջ իրենց ուրոյն տեղը գրաւած են անոնք:

Ձեռնարկը իր օրհնաբեր ներկայութեամբ պիտի հովանաւորէ թեմիս գրասէր Առաջնորդ`Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, իսկ իր պատուաբեր ներկայութեամբ ձեռնարկը պիտի պատուէ ՀՀ Լոս Անճելոսի Գլխաւոր հիւպատոս`Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան:

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 3-8, նոյն վայրին մէջ պիտի ցուցադրուի մեծատաղանդ նկարիչ Շմաւոն Շմաւոնեանի բարձրորակ նկարները:

Այս աննախընթաց գրական ձեռնարկին համար, Հայաստանէն հրաւիրուած են հայրենի գրականագիտութեան վաստակաշատ բանաէրներներ` Դոկտ. Փրոֆ. Սամուէլ Պարգեւի Մուրատեան, որ պիտի զեկուցէ Յովհաննէս Թումանեանի մասին եւ Դոկտ. Փրոֆ. Արծրուն Աբգարի Աւագեան, որ պիտի ներկայացնէ Վահան Թէքէեանը:

Այս երկու գրագէտ-մանկավարժները, Երեւանի պետական համալսարանի գրականագիտական ամպիոններու ղեկավարներ են: Անոնք իրենց գրակական, բանասիրական եւ գիտական յօդուածներուն,  իրենց բանասիրական ծառայութիւններուն համար արժանացած են բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ շքանշաններու եւ գնահատականներու: Այս պատուական բանախօսները մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին պարծանքն են:

Լոս Անճելոսի հայութիւնը անցեալին առիթ ունեցած է լսելու այս պատուական դասախօսներու ելոյթները մեր քաղաքին մէջ:

Հինգշաբթի, Մարտ 21-ին, անգամ մը եւս առիթը պիտի ունենանք մեծագոյն հաճոյքով վայելելու Թումանեանի եւ Թէքէեանի գոհար բանաստեղծութիւնները:

Այդ երեկոյ պիտի գործադրուի գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը:

Մուտքը ազատ է:

Սիրով հրաւիրուած է հայ ժողովուրդը այս խիստ շահեկան եւ անմոռանալի դասախօսութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment