Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մերտինեան Վարժարանի Վարչական Գրասենեակը Կ՚անուանուի Տօքթ. Միսաք Ապտուլեանի Անունով

Մերտինեան Վարժարանի Վարչական Գրասենեակը Կ՚անուանուի Տօքթ. Միսաք Ապտուլեանի Անունով

by MassisPost

Շաբաթ, Մարտ 9-ի առաւօտ, երջանկայիշատակ Տօքթ. Միսաք Ապտուլեանի ընտանիքը իր կնոջ՝ Հուրիկի եւ ընտանիքի անդամներուն հետ մէկտեղ հաւաքուեցան Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարանը՝ Վարչական Գրասենեակի պատին զետեղուած նշանատախտակի բացման արարողութեան՝ ի յիշատակ Տօքթ. Ապտուլեանի։ Ներկայ էին նաեւ Ապտուլեան ընտանիքի այլ անդամներ, բարեկամներ, Վարժարանի Հոգաբարձական Կազմի անդամներ, ինչպէս նաեւ դպրոցի տնօրէնուհի՝ Լինա Արսլանեան։

Տօքթ. Միսաքը, իր եղբայրներուն՝ Տօքթ. Ճէքի, Տօքթ. Դանիէլի եւ Տօքթ. Հրայրի հետ մէկտեղ եղած են Մերտինեան Վարժարանի հիմնադիրները։ Տօքթ. Միսաք գտած էր դպրոցի ներկայ տարածքը եւ երկար տարիներ ծառայած էր Վարժարանին՝ անոր նեցուկ կանգնելով նիւթապէս, ֆիզիքապէս եւ որպէս անդամ անոր Հոգաբարձական Կազմին։

Լոս Անճելոսի Հայ Միացեալ  Աւետարանական Եկեղեցիի հովիւ՝ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան առաջնորդեց ներկաները աղօթքով։ Հոգաբարձական Կազմի Ատենապետ՝ Դոկտ. Վահէ Նալպանտեան պատմեց Տօքթ. Միսաքի կեանքէն հաճելի դրուագներ։ Խօսք առաւ նաեւ Հոգաբարձական Կազմի անդամ եւ դպրոցի երկար տարիներու նուիրեալ՝ Հէրըլտ Տէմիրճեան, յիշելով Տօքթ. Ապտուլեանի անսակարկ նուիրումը Վարժարանին։ Հոգաբարձական Կազմի, ինչպէս նաեւ Վարժարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամ՝ Տիկին Ժուլիէթ Ապտուլեան անդրադարձաւ Տօքթ. Միսաքի թողած աւանդին։

Տօքթ. Միսաքի որդին՝ Տօքթ. Մայքըլ Ապտուլեան յիշեց իր հայրը, թէ ինչպէս ան հասակ առնելով եւ դաստիարակուելով Քէսապի Հայաբնակ գիւղին մէջ՝ Հայ Աւետարանական ընտանիքի յարկին տակ կերտած էր իր տարիներու սէրը եւ նուիրումը կրթութեան եւ ծառայութեան հանդէպ։ Տօքթ. Մայքըլի դուստրերը՝ Ալինը եւ Ալեքսիան, սիրով խօսեցան իրենց «Պէպո»յին մասին եւ թէ ինչպէս հպարտութեամբ կը կրեն իրենց մեծ հօր անունը։

Յետ բացման արարողութեան, հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ ուսուցչակազմի սրահին մէջ, ուր ներկաները շարունակեցին իրար հետ կիսուիլ բարի յուշեր Տօքթ. Միսաքի կեանքէն՝ անդրադառնալով Դպրոցին հանդէպ ունեցած անոր սիրոյն եւ նուիրումին մասին։

Մերտինեանը հիմնադրուած է 1982-ին եւ միակ Հայ Աւետարանական Վարժարանն է Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Դպրոցը կ՚ընդգրկէ լայնածաւալ ծրագիր, որու նպատակն է ջամբել գերազանց կրթական ծրագիր, բարձր բարոյական արժէքներ եւ Հայ Քրիստոնէական դաստիարակութիւն։ Դպրոցը կը ձգտի ստեղծել անվտանգ եւ սնուցող միջավայր մը, ուր իւրաքանչիւր աշակերտ կը ստանայ անհատական ուշադրութիւն՝ դառնալու յաջող ու պատասխանատու անհատ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment