Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, դատաւոր Արմէն Բեկթաշեանի նախագահութեամբ, որոշած է երկու ամիսով երկարաձգել երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոց կալանքը: Նման միջնորդութեամբ դատարան դիմած էր Յատուկ քննչական ծառայութիւնը:
Քոչարեանի փաստաբան Արամ Օրբելեանը լրագրողներուն ըսած է, որ դատարանը բաւարարած է կալանաւորելու միջնորդութիւնը, մերժած է գրաւի միջնորդութիւնը:
«Դատարանը նշեց, որ բացառել է թաքնուելու հաւանականութիւնը, այսինքն՝ միակ հիմքն ըստ էութեան այն է, որ քանի որ հիմա նիւթերին ծանօթանալու փուլն է, ռիսքային է գնահատել գործի վրայ ազդելու հաւանականութիւնը: Եւ դատարանը գտել է, որ չկայ հիմնաւոր կասկած կաշառքի դրուագով: Բայց կալանքը երկարացւում է: Պարոն Քոչարեանը նիստին ներկայ էր, բացասական էր արձագանգը, քանի որ ակնկալւում էր այլ արդիւնք, բայց շատ հանգիստ էր»,- ըսած է Օրբելեանը: Ըստ Օրբելեանի՝ դատական որոշումը պիտի բողոքարկեն:
Յիշեցնենք, որ Ռոպերթ Քոչարեանը կը մեղադրուի Մարտի մէկի գործով սահմանադրական կարգը տապալելու, ինչպէս նաեւ առանձնապէս խոշոր չափի կաշառք ստանալու համար: Ըստ Արամ Օրբելեանի՝ դատարանը գտած է, որ կաշառք ստանալու կասկած չկայ, իսկ սահմանադրական կարգի տապալման մեդադրանքով հիմք ընդունած է նախորդ դատական որոշումը: «Ես ասում եմ այն, ինչ դատաւորը բանաւոր ներկայացրեց, որ սահմանադրական կարգը տապալելու մասով ինքը կաշկանդուած է իրեն համարել արդէն առկայ չորս դատական աքթերով»,- նշած է փաստաբանը: