Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Յայտարարութիւնը Արցախի Մէջ Իւրովի կը Մեկնաբանեն

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Յայտարարութիւնը Արցախի Մէջ Իւրովի կը Մեկնաբանեն

by MassisPost

Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդները, ողջունելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ միջեւ յառաջիկային սպասուող առաջին ուղիղ շփումներու պատրաստակամութիւնը, ընդգծած են արդիւնաւէտ քննարկումներ իրականացնելու միջավայրի պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

ԵԱՀԿ կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.- «Միջնորդները դրական կը գնահատեն վերջին շրջանին շփման գիծին վրայ մահուան դէպքերու բացակայութիւնը, նաեւ որոշ սկզբնական քայլերը, որոնք կ’իրականացուին բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելուն»:

Միեւնոյն ժամանակ Մինսքի խումբը կը վերահաստատէ լարուածութեան թուլացման ու հրահրող հռետորաբանութեան նուազեցման խիստ անհրաժեշտութիւնը:

Այս ծիրին մէջ համանախագահները կողմերուն կոչ ուղղած են զերծ մնալու յայտարարութիւններէ ու գործողութիւններէ, որոնք կ’ենթադրեն տեղւոյն վրայ իրադրութեան էական փոփոխութիւն, նախապէս կը վճռեն ապագայ բանակցութիւններու ելքը կամ նախապայմաններ կը ստեղծեն, առանց միւս կողմին հետ համաձայնեցման, միակողմանի փոփոխութիւններ կը պահանջեն գործող ձեւաչափի համար կամ ցոյց կու տան թշնամական աշխուժ գործողութիւնները վերսկսելու պատրաստակամութիւն:

Արցախի մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի յայտարարութիւնը իւրովի կը մեկնաբանեն: Մասնաւորապէս, ըստ Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ խօսնակին, համանախագահները իրենց յայտարարութեան մէջ չեն խօսիր այն մասին, որ Ղարաբաղը չի կրնար մասնակցիլ բանակցութիւններուն: Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի՝ համանախագահներու յայտարարութիւնը կը վերաբերի այն խնդրին, որ եռանախագահութեան ձեւաչափը փոփոխման ենթակայ չէ:

«Հետեւաբար, երբ որ խօսում ենք ձեւաչափի փոփոխման անթոյլատրելիութեան մասին, մենք լրիւ համաձայն ենք: Ա՛յ, օրինակ, որ Ատրպէյճանն ասում է՝ Թուրքիան պիտի լինի համանախագահող երկիր, պէտք է Ֆրանսան դուրս գայ՝ դրա տեղը, չգիտեմ, այլ երկիր լինի, ա՛յ սա անընդունելի է», – ըսած է արցախցի պաշտօնեան:

«Իրենք չեն ասել՝ ինչ ձեւաչափի փոփոխութեան մասին է խօսքը», – յայտարարած է Բաբայեանը, «Ազատութեան» դիտարկման ալ՝ «Դուք դա հասկանում էք, որ եռանախագահողները պէտք է լինեն», արձագանգած է․ – «Միմիայն, միմիայն էդպէս ենք հասկանում, որովհետեւ այլ ձեւ չենք կարող հասկանալ, որովհետեւ դա ԵԱՀԿ-ի ընդունուած որոշում է՝ ո՞նց կարող են իրենք իրենց համար պարտադիր որոշումը չեղեալ յայտարարել, էդպէս չի լինում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment