Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան. ԼՂՀ Հարցի Կարգաւորումը Պէտք Է Ընդունելի Ըլլայ Հայաստանի, Արցախի Եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն Համար

Փաշինեան. ԼՂՀ Հարցի Կարգաւորումը Պէտք Է Ընդունելի Ըլլայ Հայաստանի, Արցախի Եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն Համար

by MassisPost

Պելճիքա կատարած այցի շրջագիծէն ներս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մարտ 5-ին այցելած է Եւրոպական Խորհուրդ, ուր դիմաւորուած է Եւրոխորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի կողմէ:

Տանըլտ Թուսքը ողջունած է ՀՀ վարչապետի այցը Պրիւքսէլ‘ նշելով, որ այն հնարաւորութիւն կու տայ քննարկելու Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ընթացքն ու զարգացման ուղիները: «Սա Ձեր երկրորդ այցն է Պրիւքսէլ, պարոն վարչապետ: Մենք արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցանք Ձեր առաջին այցի ժամանակ, եւ այսօրուան մեր հանդիպումը լաւ հնարաւորութիւն է‘ շարունակելու համար մեր սկսած երկխօսութիւնը», – ըսած է Տանըլտ Թուսքը:

Փաշինեանը նշած է, որ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է. Եւրոմիութիւնը յուսալի գործընկեր է Հայաստանի համար, որուն հետ համագործակցութեան շարունակական զարգացումը այսօր առաւել կարեւոր է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական բարեփոխումներու ծիրէն ներս:

pashinyan-eu-parliament

Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսէլի մէջ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին առջեւ ելոյթ ունենալէ ետք, պատասխանած է յանձնաժողովի անդամներու շարք մը հարցերուն:

«Նախ, մեզ անհրաժեշտ է ստեղծել ուժեղ ժողովրդավարական հիմնարկներ: Անշուշտ, պէտք է շարունակենք կատարելագործել ընտրական համակարգը, ուստի այդ ուղղութեամբ մենք պէտք է արդիւնաւէտ համագործակցենք Եւրոպական միութեան հետ», – ըսած է Փաշինեանը՝ շարունակելով. – «Մենք տեսնում ենք, որ մեր եւրոպական գործընկերները պատրաստ են աջակցել մեզ: Այստեղ ես կ’ուզենայի ընդգծել, որ մենք պատրաստ ենք ամբողջութեամբ իրագործել Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, քանի որ համոզուած ենք, որ այն լիովին համապատասխանում է մեր ներքին օրակարգին եւ նպատակներին»:

«Ինչ վերաբերում է կաշառակերութեան դէմ պայքարին, պէտք է նշեմ, որ այն չափազանց կարեւոր է մեզ համար՝ երկրում օրէնքի գերակայութիւն հաստատելու առումով: Յարուցուել են մի շարք քրէական գործեր նախկին պաշտօնեաների նկատմամբ: Այդ ուղղութեամբ բացայայտումները կը շարունակուեն, եւ դատարանները պէտք է որոշեն այդ քրէական գործերի ճակատագիրը: Այդ առումով չափազանց կարեւոր է ապահովել դատարանների անկախութիւնը», – ըսած է վարչապետը:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցերին‘ Հայաստանի վարչապետը յայտարարած է. – «Լեռնային Ղարաբաղի առնչութեամբ պէտք է նշեմ, որ չի կարող լինել խնդրի ռազմական լուծում, եւ մենք պէտք է ստեղծենք համապատասխան մթնոլորտ խաղաղ հանգուցալուծման հասնելու համար: Սեպտեմբերին ես աննախադէպ յայտարարութեամբ հանդէս եկայ խորհրդարանում առ այն, որ հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է ընդունելի լինի Հայաստանի ժողովրդի, Արցախի ժողովրդի եւ Ատրպէյճանի ժողովրդի համար: Եւ ես յոյս ունէի, որ նմանատիպ յայտարարութիւն կը հնչի Ատրպէյճանից, այդ երկրի նախագահի կողմից, սակայն, ցաւօք, այդ յոյսերը չարդարացան»:

Ի պատասխան Ռուսաստանի եւ Եւրոպական միութեան հետ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցադրումներուն‘ Նիկոլ Փաշինեանը մասնաւորապէս շեշտած է. – «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի առաջ աշխարհաքաղաքական կողմնորոշման հարց չի դնում: Եւրոմիութեան հետ մեր համագործակցութեան օրակարգն ամբողջութեամբ միտուած է բարեփոխումների իրականացմանը: Անշուշտ, Ռուսաստանի հետ մեր համագործակցութիւնը շատ կարեւոր է, քանի որ մենք շարունակում ենք մնալ ռազմավարական գործընկերներ, եւ ես կարծում եմ, որ հակասութիւններ չկան եւ չեն կարող լինել Ռուսաստանի եւ Եւրոպական Միութեան հետ մեր յարաբերութիւններում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment