Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Նորանշանակ Դեսպան՝ Լին Թրէյսի Հաւատարմագրերը Յանձնած Է Նախագահ Արմէն Սարգսեանին

ԱՄՆ Նորանշանակ Դեսպան՝ Լին Թրէյսի Հաւատարմագրերը Յանձնած Է Նախագահ Արմէն Սարգսեանին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին իր հաւատարմագրերը յանձնած է Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Լին Թրէյսին:

Դեսպան Թրէյսին այս առթիւ նշած է. «Հպարտութեամբ կը յանձնեմ իմ հաւատարմագրերը նախագահին եւ կը փաստեմ, որ պատրաստ եմ աշխատելու Հայաստանի կառավարութեան հետ՝ խորացնելու եւ ամրապնդելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները եւ աջակցելու Հայաստանի ժողովրդավարական օրակարգին»:

Շնորհաւորելով դեսպանը պաշտօնը ստանձնելու առթիւ՝ նախագահ Սարգսեանը ըսած է, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ ընդհանուր արժէքներու եւ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած հայ-ամերիկեան բարեկամութիւնն ու գործընկերութիւնը: Նախագահը համոզմունք յայտնած է, որ նորանշանակ դեսպանը իր հարուստ փորձառութիւնն ու գիտելիքները պիտի ներդնէ՝ երկու երկիրներու միջեւ բազմաոլորտ համագործակցութեան առաւել զարգացման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment