Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարդանեան Հերքած Է Իր Առնչութիւնը Փողերու Լուացման Հետ

Վարդանեան Հերքած Է Իր Առնչութիւնը Փողերու Լուացման Հետ

by MassisPost

Ռուսաստանաբնակ հայազգի գործարար Ռուբէն Վարդանեանի հիմնադրած «Թրոյկա Տիալոկը» դրամատունը մասնակցած է զեղծարարութեամբ լուացուած շուրջ 9 միլիառ տոլար իւրացման: Այս մասին յայտնած է Կաշառակերութեան եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան հետաքննութիւններու միջազգային կեդրոնը (OCCRP):
Կազմակերպութեան հետ զրոյցի ժամանակ Ռուբէն Վարդանեանը նշած է, որ ինքը որեւէ կերպ չէ առնչուած այդ ծրագրին եւ տեղեակ չէ եղած այդ մասին:

Հրապարակուած ծաւալուն յօդուածի հեղինակները պնդած են, որ ժամանակին ռուսաստանեան ամենախոշոր եւ բարի համբաւ ունեցող ներդրումային այդ դրամատունը, լրագրողներու բնորոշմամբ՝ «Թրոյկա լուացքատունը», տարիներ շարունակ յանցաւոր կազմակերպութիւններու հետ կապ ունեցող, կաշառակեր անձանց հնարաւորութիւն տուած էր խուսափելու հարկերէն եւ թաքցնել ունեցուածքը:

Հետաքննական կեդրոնը նշած է, որ «Թրոյկա Տիալոկը» 2000-ականներու կէսերուն ստեղծած է աւելի քան 75 օֆշորային ընկերութիւններ, որոնք հաշիւներ բացած են, մասնաւորապէս, լիթվական Ukio դրամատան մէջ, եւ այդ հաշիւներու միջոցով կեղծ գործարքներ կնքած‘ այդպիսով օրինականացնելով միլիոնաւոր տոլարներ:

Լրագրողները պարզած են, որ կասկածելի գործարքներուն մէջ կ’օգտագործուէին Ռուսաստան արտագնայ աշխատանքի մեկնած եւ գործարքներէն գաղափար չունեցող Հայերը: Լրագրողները գտած են, որ այդ աղքատ եւ անտեղեակ Հայերու հաշիւներուն փոխանցուած են տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ:

Հետաքննող լրագրողներու տուեալներով՝ Ռուբէն Վարդանեանի հետ կապ ունեցող ռուսաստանաբնակ հայ գործարարները կրնային հաւաքագրել Հայաստանէն ժամանած իրենց աշխատակիցներուն տուեալները եւ փոխանցել «Թրոյկա»-ին, իսկ այդ անձերուն հաշիւներուն փոխանցուած գումարները կ’ուղղուէին արեւմտեան երկիրներու մէջ թանկարժէք գոյք, շքեղ զբօսանաւեր, արուեստի նմուշներ գնելուն, յայտնի ռուսաստանցիներու, հայազգի գործարարներու զաւակներուն՝ արեւմտեան համալսարաններու ուսման վարձերը վճարելուն, եկեղեցաշինութեան, բարեգործական ծրագրերու համար նուիրատւութիւններուն:

Ռուբէն Վարդանեանի հիմնադրած ներդրումային դրամատան հետ կը կապուի նաեւ ռուսաստանեան ամենախոշոր ֆինանսական խարդախութիւններէն մէկըª Մոսկուայի «Շերեմեթեւօ»զ օդակայանի վառելիքի պատմութիւնը, երբ արհեստականօրէն ուռճացնելով օդանաւի վառելիքի սակագինըª օդակայանը խուսափած էր տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներու հարկերէն, ինչի հետեւանքով թանկացած էին նաեւ տոմսերը, իսկ թաքցուած հարկերը՝ քանի մը տասնեակ միլիոն տոլարի տեսքով, հոսած են դէպի «Թրոյկա լուացքատան» հաշիւներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment