Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իրանի Հետ Համաձայնագիրը «Մեծ Հնարաւորութիւններ» Պիտի Տայ Հայաստանին

Իրանի Հետ Համաձայնագիրը «Մեծ Հնարաւորութիւններ» Պիտի Տայ Հայաստանին

by MassisPost

Իրանի հետ պարզեցուած առեւտուրի համաձայնագիրը, որ արդէն վաւերացուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ Ռուսաստանի, Խրխըզստանի եւ Պելառուսի կողմէ եւ շուտով պիտի վաւերացուի նաեւ Հայաստանի կողմէ, ըստ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեանին, մեծ հնարաւո-րութիւններ կ’ընձեռնէ ե՛ւ ԵԱՏՄ-ի, ե՛ւ Իրանի մէջ գործող ընկերութիւններու համար:

Նախարարի փոխանցմամբ՝ սա Իրանի հետ Հայաստանի առաջին արտօնեալ պայմանագիրն է ԵԱՏՄ-ի կազմին մէջ:
Հարցին, թէ արդեօք հարեւան Իրանի նկատմամբ ԱՄՆ-ի կողմէ կիրառուող պատժամիջոցաները չեն կրնար ազդել այդ համաձայնագրին վրայ, նախարարը արձագանգած է՝ պատժամիջոցները ժամանակաւոր են, իսկ համաձայնագիրը երկարաժամկէտ էգ – «Իրանի հետ պարզեցուած առեւտրի համաձայնագիրը Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ կը տայ մեծ հնարաւորութիւններ ե՛ւ Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածքում գործող կազմակերպութիւնների, այդ շարքին, առաջին հերթին Հայաստանի Հանրապետութեան կազմակերպութիւնների՝ դէպի իրանական շուկայ աւելի պարզեցուած մուտքի հարցում, ե՛ւ դա հնարաւորութիւն է նաեւ իրանական արտադրողների համար, որոնց համար ռուսաստանեան, հայաստանեան, պելառուսական, ղազախական շուկաներն ամենեւին երկրորդային նշանակութիւն չունեն, յատկապէս այն պայմաններում, որում այսօր գտնւում է իրանական տնտեսութիւնը: Պատժամիջոցները, բնականաբար, ազդում են: Որպէս կանոն, կիրառւում են այն կազմակերպութիւնների նկատմամբ, որոնք համագործակցում են որոշակի ուղղութիւններով իրանական արտադրողների հետ: Պատժամիջոցները ժամականաւոր են, համաձայնագիրը երկարաժամկէտ է»:

Համաձայնագրի վաւերացումէն ետք, օրինակ, Հայաստանէն Իրան կովու միսը 26 տոկոսի փոխարէն պիտի արտահանուի 10 տոկոս մաքսատուրքով, պիտի նուազի հանքային եւ կազաւորուած ջուրերու արտահանումը ՝ 55-էն մինչեւ 14 տոկոս: Փոխարէնը անփոփոխ մնացած են հայկական կողմի համար հետաքրքրութիւն ունեցող ապրանքներէն ոչխարի միսի, ձկան եւ մեղրի մաքսատուրքերը:

Ինչ կը վերաբերի ցած մաքսա-տուրքերով Իրանէն Հայաստան ներկրուելիք ապրանքներուն, ապա, նախարարի խօսքով, այդ ցանկին մէջ նաւթամերքն ընդգրկուած չէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment