Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեանը եւ Ալիեւը Մօտ Ապագային Պիտի Հանդիպին

Փաշինեանը եւ Ալիեւը Մօտ Ապագային Պիտի Հանդիպին

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը համաձայնած են մօտ ապագային հանդիպիլ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիի ներքոյ՝ կողմերու հետ վերջին բանակցութիւններէն ետք, յայտարարած են միջնորդները:

Փետրուարի 20-21-ին համանախագահները այցելած էին Հայաստան եւ Ատրպէյճան, հանդիպած երկու երկիրներու ղեկավարներուն ու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:

«Տարածաշրջան կատարած մեր այցի ժամանակ առաջնորդները ներկայացուցին Յունուարին Տաւոսի մէջ՝ Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի շրջանակէն ներս տեղի ունեցած կարճատեւ երկխօսութեան մանրամասները», – յայտարարած են Մինսքի խումբի համանախագահները, աւելցնելով՝ տարածաշրջան այցի ժամանակ կողմերու հետ քննարկած են տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու յաջորդ քայլերու վերաբերեալ անոնց ակնկալիքները:

«Համանախագահները դրական գնահատած են շփման գիծին վրայ կորուստներու նուազումը եւ ողջունած տարածաշրջանի ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու շուրջ քննարկումները: Երկու կողմերու առաջնորդները ընդունած են Մինսքի խումբի հովանիի ներքոյ հանդիպում իրականացնելու՝ համանախագահներու առաջարկը», – ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ:

Հակամարտութեան շուրջ վերջին զարգացումներու եւ կողմերու հետ ձեռքբերուած համաձայնութիւններու մասին համանախագահները տեղեկութիւններ փոխանցած են նաեւ ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրին ու կառոյցին մէջ նախագահող երկրի՝ Սլովաքիայի արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment