Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան․ Հայաստանը Պատրաստ է Ըլլալ Իրանեան Կազի Տարանցիկ Երկիր

Փաշինեան․ Հայաստանը Պատրաստ է Ըլլալ Իրանեան Կազի Տարանցիկ Երկիր

by MassisPost

«Հայաստանը պատրաստ է լինել իրանական կազի տարանցիկ երկիր», –  Թեհրանի մէջ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ բանակցութիւններէն ետք այսպիսի ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Հայաստանը պատրաստ է Իրանի հետ տարանցման համագործակցութիւն ծաւալել եւ լինել իրանական կազի տարանցիկ երկիր: Կազատար  միջանցքի ստեղծումը նոյնպէս կարեւոր նշանակութիւն ունի թէ՛ երկկողմ, թէ՛ տարածաշրջանային առումով, թէ՛ աւելի ընդարձակ առումով: Այս հարցերի լուծման համար քաղաքական կամքը առկայ է, պէտք է յոյս յայտնել, որ բանակցութիւններում գործնականացման ընթացքը կ’իրականացուի յաջողութեամբ», – Հայաստանի կառավարութեան լրատուական ծառայութեան փոխանցմամբ, ըսած է Փաշինեանը:

pashinyan-iran-2

Շարունակելով կազի թեման՝ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը նշած է․ – «Ի հարկէ,    ջերմուժի  ոլորտում մեր համագործակցութիւնը կարեւոր է: Նախագահը նշեց, որ Իրանի կողմից կայ պատրաստակամութիւն մեծացնելու Հայաստանին մատակարարուող կազի ծաւալները: Այստեղ, իհարկէ, կարեւոր է, որ յետագայ քննարկումների եւ բանակցութիւնների ընթացքում կարողանանք ընդհանուր յայտարարի գալ գնի վերաբերեալ: Սա սկզբունքային կարեւոր հարց է գործարքի գրաւչութեան իմաստով: Եւ յոյս ունենք, որ մեր ներկայացուցիչներն արդիւնաւէտ բանակցութիւններ կը վարեն այս ուղղութեամբ»:

Կազի մասին ոչ պակաս ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրած է Իրանի նախագահը․ – «Կազի ոլորտին մէջ համագործակցութեան ուղղութեամբ յայտնեցինք իրանական կողմի պատրաստակամութիւնը` մատակարարումներու ծաւալները աւելցնելու ուղղութեամբ: Պատրաստ ենք նաեւ եռակողմ համագործակցութիւն ծաւալելու` կազը արտահանելու դէպի Վրաստան»:

pashinyan-iran-3

Հասան Ռոհանին նաեւ յայտարարած է, թէ Թեհրանը պատրաստակամ է մասնակցելու հայաստանեան «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղիի կառուցման աշխատանքներուն․ – «Միւս թեմաներէն մէկը, որ մեր ուշադրութեան կեդրոնն է, կը վերաբերի «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղիի աշխատանքներուն: Իրանական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու այդ ծրագրին: Քննարկման միւս թեման կը վերաբերէր Պարսից ծոցը Սեւ ծովին Հայաստանի միջոցով կապելուն»:

Ե՛ւ Հայաստանի վարչապետը, ե՛ւ Իրանի նախագահը ընդգծած են, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները լաւ են եւ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ անցած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment