Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Լիտիան Արմէնիան» կը Փորձէ Վնասը Պետութեան Վրայ Ձգել. Աքթիւիսթներ

«Լիտիան Արմէնիան» կը Փորձէ Վնասը Պետութեան Վրայ Ձգել. Աքթիւիսթներ

by MassisPost

«Լիտիան Արմէնիա» ընկերութիւնը կը փորձէ բոլոր վնասները պետութեան վրայ ձգել, այդ իրենց գործելաոճն է, ողջ շինարարութեան շրջանին իրենք փնտռած են մեղաւորներ, եւ բոլորը մեղաւոր են՝ բացի իրենցմէ։ Ասուլիսի շրջանակէն ներս նման տեսակէտ յայտնած է Ջերմուկի բնակիչ, Ամուլսարի շահագործման դէմ աքթիւիսթ Շիրակ Բունիաթեանը՝ անդրադառնալով օրերս «Լիտիան Արմէնիա» ընկերութեան այն յայտարարութեան, ըստ որու՝ 2018-ի Յունիսէն ի վեր Ամուլսարի ճանապարհներու շրջափակման հետեւանքով ընկերութիւնը հնարաւորութիւն չէ ունեցած վերսկսիլ աշխատանքները հանքի տեղամասին մէջ։ Ըստ այդ յայտարարութեան՝ ընկերութիւնը չէ կրցած իրականացնել ոչ միայն շինարարական աշխատանքներ, այլեւ կառուցել բնապահպանական պաշտպանիչ համակարգեր։

Ըստ Բունիաթեանի՝ այնտեղ կրնան վտանգներ ըլլալ ձիւնհալի հետ կապուած:

«Այս պահին ոչ ոք չի կարող գնահատել, թէ այդ վտանգներն ինչպիսին կը լինեն, քանի որ եղել է  ընկերութեան կողմից միջամտութիւն:  Ամուլսարում հազար տարիներ ձիւն է եկել, հալել գնացել է, բայց այս պահին իրենց արած հողային տեղափոխութիւնների, որոշ չափով ընդերքից հանուած շինանիւթերի պատճառով կարող են առաջանալ լճակներ, որոնք կարող են բացուել եւ մեծ վնասներ պատճառել»,- ըսած է աքթիւիսթը:

Ջերմուկի բնակիչներէն Էտմոն Աղաբեկեանը նշած է, որ Գնդեւազ համայնքի ջուրը մէկ ամսուան ընթացքին մի քանի անգամ ցեխաջուր եղած է, երբ ընկերութեան ներկայացուցիչներուն տեղեակ պահած են, ասած են՝ իրենք չեն պատասխանատուն, կապալառու ընկերութիւնն է պատասխանատուն:

«Կաւաջուրը լցւում է  Արփա գետ, նորից ասում են, որ իրենք չեն մեղաւոր կապալառուն է մեղաւոր, այս դէպքում էլ ճանապարհ փակողների վրայ է գցում մեղքը»,- ըսած է աքթիւիսթը:

Ըստ Հայկական բնապահպանական ճակատի անդամ Լեւոն Գալստեանի՝ անոնք 2010 թուականէն թոյլտւութիւն ստացած են հանք շահագործելու, բայց անընդհատ յետաձգած են, հիմա որոշած են այդ աշխատանքները ընել, բայց եթէ 2010 թուականէն թոյլտւութիւն ունին՝ ինչո՞ւ պատշաճ աշխատանքներ չեն իրականացուցած:

«Ջերմուկում, երբ հանդիպեցին վարչապետի հետ «Լիտիան Արմէնիայի» ներկայացուցիչներն ասացին, որ 80 տոկոս աշխատանքներն իրականացուած է, բայց եթէ նրանք չեն արել բնապահպանական աշխատանքներ, ապա ի՞նչ են արել, ինչ աշխատանքների մասին է խօսքը»,- նշած է ան եւ աւելցուցած, որ հիմա պէտք է նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները վերջացուցած ըլլային, որ ձիւնհալի ժամանակ խնդիրներ չառաջանային:

«Ո՞վ է սրա համար պատասխանատու: Ասում են՝ կառավարութիւնը: Ինչո՞ւ է կառավարութիւնը պատասխանատու, այս ամէն ինչն իրենց գործունէութեան կամ անգործութեան հետեւանք է եւ ոչ մի կապ չունի ճանապարհ փակելու հետ։

Եթէ դու ի սկզբանէ չես արել բնապահպանական անհրաժեշտ միջոցառումները, ասում ես՝ հիմա էի ուզում անել, բայց ինձ չթողեցին, դա պարզ  սադրանք է»,- ըսած է Գալստեանը:

Գնդեւազի բնակիչ, լրագրող Հերմինէ Ենոքեանն ալ նշած է, որ պատասխանատուութեան տակ պէտք է ըլլան, բոլոր անոնք, որոնց ստորագրութիւնը դրուած է Ամուլսարի շահագործման թոյլտւութեան տակ:

«Ում ստորագրութիւնը դրուած է, նրանք էլ մեղաւոր են այս ամէնի համար: Պէտք է պատասխանատւութիւնն ընկնի այդ մարդկանց վրայ, որ պատշաճ փորձաքննութիւն չեն առել: Ներկայիս իրավիճակում էլ  նախորդ կառավարութեան ներկայացուցիչները նրանց սատարելու կոչեր են անում: Թող շարունակեն պաշտպանելը, յստակ կ’իմանանք՝ ովքեր են նրանք»,- ըսած է Ենոքեանը, ապա տեղեկացուցած, որ պիտի շարունակեն ստորագրահաւաք ընել, որ հանրաքուէի դնեն հանքարդիւնաբերութեան խնդիրը, քանի որ Հայաստանի մէջ հնարաւոր չէ հանքարդիւնաբերութիւնը այս ընթացքով շարունակել, Թեղուտը օրինակ է։

Էտմոն Աղաբեկեանն ալ աւելցուցած է, որ եթէ «Լիտիան Արմէնիան» դատի պիտի տայ բոլոր անոնց, որոնք կ’ըսեն՝ ընկերութիւնը այս ամէնուն հասած է կաշառակերութեան միջոցով, ապա իրենք եւս կ’ըսեն, որ «Լիտիանը» կաշառակերութեամբ հասած է այս ամէնուն, թող իրենց ալ դատի տան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment