Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Յայտարարած է Մարտ 1-ին Նուիրուած Երթ

Վարչապետ Փաշինեան Յայտարարած է Մարտ 1-ին Նուիրուած Երթ

by MassisPost

2019 թուականի Մարտ 1-ին կը  լրանայ մարտիմէկեան արիւնալի իրադարձութիւններու 11 տարին։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆէյսպուքեան ուղիղ հեռարձակմամբ յայտարարած է, որ այդ օրը որոշած են նշանաւորել քաղաքացիական հզօր երթով՝ Ազատութեան հրապարակէն դէպի Միասնիկեանի արձան։

Ինչպէս Փաշինեանը ըսած է, երթը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի յաղթանակին։

«Այս երթը նուիրուած է լինելու ՀՀ քաղաքացու յաղթանակին, ուղղուած է լինելու ընդդէմ բռնութեան, ընտրակեղծիքների, փտածութեան, ապօրինութիւնների: Երթը նշանաւորելու է այն գաղափարը, որ ՀՀ քաղաքացու յաղթանակը անշրջելի է, չեն լինելու այլեւս ընտրակեղծիքներ, մենք դէմ ենք կանգնում բռնութիւններին, քաղաքական հետապնդումներին, կաշառակերութեան:

Այդ օրը մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք 2008-ի Մարտի 1-ի 10 զոհերի յիշատակին եւ ընդհանրապէս քաղաքական բռնութեան բոլոր զոհերին», -ըսած է Փաշինեանը՝ շարունակելով. – « Մարտի 1-ին, ժամը 18:30-ին բոլորիդ հրաւիրում եմ Ազատութեան հրապարակ՝ այնտեղից շարժուելու դէպի Միասնիկեանի արձան՝ յարգանքի տուրք մատուցելու: Այդ օրը ես նաեւ ուղերձով կը դիմեմ ժողովրդին»։

Փաշինեանը ընդգծած է. – «Բայց նաեւ մենք մարտի 1-ին պէտք է մեր վճռականութիւնը ի ցոյց դնենք, մեր նուիրուածութիւնը ի ցոյց դնենք Հայաստանում ժողովրդավարութեանը, ժողովրդի իշխանութեանը»։

2008 թուականի մարտ 1-ին վաղ առաւօտեան ոստիկանները յարձակած են Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ գիշերող ընդդիմադիր ցուցարարներուն վրայ, որոնք իրենց բողոքը կը յայտնէին նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներուն դէմ:

Նոյն օրը աւելի ուշ Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին յարող հրապարակին եւ անոր մերձակայքին մէջ ցուցարարներուն եւ  ուժայիններուն միջեւ սկիզբ առած բախումներուն հետեւանքով տասը մարդ զոհուած է, հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment