Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ-ը ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Գործընթացին մէջ Դրական Տեղաշարժի Յոյս Ունի

ԵԱՀԿ-ը ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Գործընթացին մէջ Դրական Տեղաշարժի Յոյս Ունի

by MassisPost

ԵԱՀԿ-ը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ դրական  տեղաշարժի յոյս ունի: «Արմէնբրես»ի փոխանցմամբ` այս մասին 22 Փետրուարին Վիեննայի մէջ ընթացող ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռային նստաշրջանի ընթացքին յայտարարած է ԵԱՀԿ հակամարտութիւններու կանխարգելման կեդրոնի քաղաքականութեան աջակցութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ Չարլզ Լոնստեյլը, որ, ի դէպ, եղած է Հայաստանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ նախկին դեսպանը (2008-2012 թուականներուն):

«Մենք մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւինք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդական ջանքերով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի զարգացումներուն՝  վերջին շրջանին նաեւ դրական տեղաշարժի յոյսով, որ պայմանաւորուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու նախագահ Իլհամ Ալիեւի պարբերական դարձած ոչ պաշտօնական հանդիպումներով»,- ըսած է Լոնստեյլը:

Ընդգծելով ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու կողմերու յանձնառութիւնը՝ ան աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է, եթէ կողմերը այդ ուղղութեամբ հետաքրքրուած են: «Բայց մենք ուղղակիօրէն ներգրաւուած չենք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու աշխատանքին մէջ»,- նշած է ծառայութեան տնօրէնի տեղակալը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment