Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ՊԲ-ն Հերքած է. Ատրպէյճանը Հայկական Անօդաչու Թռչող Սարք Չէ Խոցած

Արցախի ՊԲ-ն Հերքած է. Ատրպէյճանը Հայկական Անօդաչու Թռչող Սարք Չէ Խոցած

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը Աղտամի տարածքին հայկական անօդաչու թռչող սարքի խոցման մասին լուրերը կը համարէ ապատեղեկատուութիւն:

«21 Փետրուարին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ իբր Աղտամի հատուածին մէջ խոցուած է հայկական անօդաչու թռչող սարք, իրականութեան չի համապատասխաներ:

Պաշտպանութեան բանակը որեւէ անօդաչու թռչող սարքի կորուստ չէ ունեցած: Իսկ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հրապարակած լուսանկարները անյայտ հին նկարներ են:

Յատկանշական է նաեւ, որ Պաքուի տարածած ապատեղեկատուութիւնը, չես գիտեր ինչու, «պատահականօրէն» համընկաւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու կողմէ տարածաշրջան կատարած այցի հետ:

Եւ վերջաւորութեան յիշեցում մը. Արցախի զինուած ուժերը, ինչպէս միշտ, ունին բոլոր հնարաւորութիւնները անվտանգ եւ արդիւնաւէտ կիրառելու իր տրամադրութեան տակ եղած անօդաչու թռչող սարքերու իւրաքանչիւր տեսակը: Կը հաւաստիացնենք, որ ինչպէս առայսօր անոնք օգտագործած ենք, այնպէս ալ հարկ եղած պարագային բաւական նպատակասլաց կերպով պիտի կիրառենք նաեւ այսուհետեւ», ըսուած է ՊՆ տարածած յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment