Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Թուրքիան կը Խոստանայ Վերականգնել Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին

Թուրքիան կը Խոստանայ Վերականգնել Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին

by MassisPost

Անատոլու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական իշխանութիւնները կը պատրաստուին վերականգնել Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին:

Պատմական Սուր շրջանին մէջ շուրջ 4 տարի առաջ թրքական ուժայիններու եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներու հետեւանքով մեծապէս տուժած էին շրջակայ պատմական կառոյցները: Անոնց մէկ մասը վերականգնուած էր պետական աջակցութեամբ, սակայն Հայկական Սուրբ Կիրակոսի եւ քաղդէական Մառ Պետյուն եկեղեցիներու վերանորոգումը հնարաւոր չէր եղած համայնքային հիմնադրամներու միջոցներու սղութեան պատճառով:

Հիմնադրամներու ղեկավարութեան դիմումին համաձայն Շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը որոշած է ֆինանսաւորել այդ երկու եկեղեցիներու վերակառուցումը: Կը նախատեսուի, որ համապատասխան աշխատանքները մեկնարկէն արդէն յաջորդ ամիս:

st geragos-2

Սուր վարչական շրջանի ղեկավար Ապտուլլահ Չիֆթչին Անատոլու գործակալութեան յայտնած է, որ պետութիւնը պիտի հոգայ հայկական եւ քաղդէական եկեղեցիներու վերականգնման ծախսերը․ – «Այլ կրօններուն պատկանող արժէքները կը համարենք նաեւ մերը եւ աշխատանքներ կը տանինք անոնց պահպանման ուղղութեամբ: Այդ կառոյցները եւս մեր քաղաքակրթութեան համար կարեւորութիւն ունին ու յարգանքի արժանի են: Պետութիւնը ամբողջութեամբ պիտի վերականգնէ եկեղեցիները եւ պիտի բանայ այցելուներու համար»:

Հիմնադրամներու տարածքային վարչութեան նախագահ Մեթին Էվսէնը թրքական լրատուամիջոցներուն պատմած է, որ այս ընթացքին եւս երկու հայկական եկեղեցի վերականգնուած է, այդ աշխատանքներուն համար ծախսուած է շուրջ 10 միլիոն լիրա: Անոր խօսքերով, նախորդ տարի աւարտած է Տիարպէքիրի հայկական բողոքական եկեղեցւոյ վերականգնումը, իսկ հայկական կաթոլիկ եկեղեցւոյ վերակառուցումը պիտի շարունակուի մինչեւ տարեվերջ:

Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ հայկական եկեղեցին` Սուրբ Կիրակոսը, կառուցուած է 1376 թուականին: Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն այն եղած է գերմանական բանակի շտապը, այնուհետեւ Սիւմէր բանկի կողմէն օգտագործուած է որպէս բամբակի պահեստ: 1960-էն մինչեւ 1980 թուականը եկեղեցին գործած է, սակայն յետագայ տարիներու ընթացքին անխնամ մնալու հետեւանքով աւերուած է:

2008 թուականին եկեղեցւոյ հիմնադրամի, Տիարպէքիրի քաղաքապետարանի եւ շարք մը բարերարներու ջանքերով սկսած էր Սուրբ Կիրակոսի վերանորոգման աշխատանքները եւ 2011-ի վերջը այն կրկին բացուած էր հաւատացեալներու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment