Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արայիկ Յարութիւնեանը Հեռացած է Արցախի Նախագահի Խորհրդականի Պաշտօնէն

Արայիկ Յարութիւնեանը Հեռացած է Արցախի Նախագահի Խորհրդականի Պաշտօնէն

by MassisPost

Արայիկ Յարութիւնեանը յայտարարած է, որ 21 Փետրուարէն, իր դիմումին համաձայն, կը հեռանայ Արցախի նախագահի խորհրդականի ու յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչի պաշտօնէն ու կը սկսի «կուսակցական շինարարութեան աւելի բուռն աշխատանք ծաւալել»:

Ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ կատարած գրառմամբ, Յարութիւնեանը տեղեկացուցած է, որ իր որոշումը պայմանաւորուած չէ Արցախի նախագահի հետ որեւէ տարաձայնութեամբ, կամ խնդրով:

«Աւելին, ես իմ երախտագիտութիւնն եմ յայտնում նախագահ Սահակեանին, ով 2007-ից հնարաւորութիւն ընձեռեց աւելի քան 11 տարի ծառայելու մեր երկրին ու ժողովրդին», – գրած է Յարութիւնեանը։

Ղարաբաղի նախկին վարչապետը նաեւ տեղեկացուցած է, որ իր գլխաւորած քաղաքական ուժը «մինչեւ Բակօ Սահակեանի կառավարման ժամկէտի աւարտը շարունակելու է պաշտպանել նրա վարած քաղաքական քուրսը»։

Յարութիւնեանը աւելի վաղ յայտնած էր, որ 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան վերաբերեալ որոշում պիտի կայացնէ՝ հաշուի առնելով իր ղեկավարած կուսակցութեան՝ «Ազատ հայրենիքի» որոշումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment