Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հայաստանի Մէջ Նշուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 150-ամեակը

Հայաստանի Մէջ Նշուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 150-ամեակը

by MassisPost

19 Փետրուարին, հայ ժողովուրդը կը տօնէ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը:

Թէ՛ մայրաքաղաքի, թէ՛ մարզերու բոլոր նախադպրոցական հաստատութիւններուն, դպրոցներուն, գրադարաններուն, թանգարաններուն մէջ տարբեր նախաձեռնութիւններով յատուկ նախապատրաստուած են այս յոբելեանին:

Յիշեցնենք, որ տարիներ առաջ մեծ բանաստեղծի օրը Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէն յայտարարուած էր «Գիրք նուիրելու օր»:

Բանաստեղծի մայրաքաղաքի մէջ գտնուող տուն-թանգարանը մարդաշատ էր: Թանգարանը իր այցելուներուն համար յատուկ ծրագիրներ նախապատրաստած էր, թէ՛ Թումանեանի հիւրընկալ յարկի ներքոյ, թէ՛ թանգարանին յարող տարածքին մէջ, ուր դպրոցականները առտուընէ խումբ-խումբ արտասանած, երգած եւ ունկնդրած են տարբեր երաժշտական համոյթներու:

Առտուընէ մարդաշատ եղած է նաեւ բանաստեղծի ծննդավայրը՝ Դսեղը, ուր գտնուող բանաստեղծի տուն-թանգարանը շատոնց ուխտատեղի դարձած է թերեւս իւրաքանչյուր հայ մարդու համար:

Իսկ Թիֆլիսի մէջ գտնուող անոր տունը, ուր բանաստեղծը ապրած է իր բազմանդամ ընտանիքով, եւ որ այժմ հայկական մշակոյթի կեդրոնն է, նոյնպէս բնականաբար անմասն չէ մնացած յոբելեանական նախաձեռնութիւններէն:

Թիֆլիսի հայ գրողներն ու հասարակական գործիչները Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութեան հետ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են մեծ գրողի յիշատակին՝ ծաղիկներ խոնարհելով Խոջիվանքի մէջ գտնուող Յովհաննէս Թումանեանի շիրիմին: Իսկ երեկոյեան Վրաստանի Խորհրդարանի ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է գրական-գեղարուեստական երեկոյ «Թումանեանը մեզ հետ է» խորագրի ներքոյ:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեանը ըսած է. – «Իր կեանքի վերջին հանգրուանում նա ոչ թէ իր ժողովրդի զաւակն էր, այլ հայրն էր, հայրական իրաւունքներ ունէր, իր ժողովրդին նուիրեց այն ամէն նուիրականը՝ ընդհուպ իր տասը զաւակներին. տղաներին՝ որպէս զինուոր, աղջիկներին՝ գթութեան քոյրեր: Մենք ուղղակի իրաւունք չունենք ուրանալու եւ չվերծանելու նրանց ապրած օրն ու ժամը»:

Հարցին, թէ արդեօք չկայ այսօրուայ հայեացքով ուսումնասիրել Թումանեանի ժառանգութիւնը, Վարդանեանը արձագանգած է. – «21-րդ դարը որպէս հանգրուան ընդունելով՝ պիտի Թումանեանին նայենք… նրա համախմբիչ դերը պիտի բարձրացնենք: Ամիսներ առաջ ի՞նչ ազնիւ յորձանք բխեց, եւ կարգախօսը՝ սէր եւ համերաշխութիւն: Հենց սէրն ու համերաշխութիւնը Թումանեանն է, չէ՞: Եկէք փարուենք նրան, եւ հենց դա էլ կը լինի 21-րդ դարի հայեացքը: Միաբան, համերաշխ, միակամ Հայաստանի եւ հայութեան հայեացքը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment