Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մասնակցինք Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Անդրանիկ Թելեթոնին

Մասնակցինք Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Անդրանիկ Թելեթոնին

by MassisPost

Կիրակի, Փետրուարի 17, 2019 կոչուած է պատմական թուական մը հանդիսանալու Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի թէ հայութեան եւ թէ տեղացի ժողովուրդին համար: Արդարեւ, այդ օր բազմաթիւ հեռուստակայաններու մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ համաժողովրդային դրամահաւաք-թելեթոն ի նպաստ Հայ-Ամերիկեան թանգարանի շինութեան ծրագրին:

Կլենտէյլի կեդրոնական շրջանի մէջ կառուցուելիք սոյն թանգարանը ուսումնա-դաստիարակչական տեսանկիւնէն մեծ նշանակութիւն ունի: Քանի որ բազմաշակութային տարազ ունեցող այս երկրի բնակչութիւնը մօտէն պիտի ծանօթանայ աւելի քան չորս հազար տարուան քաղաքակրթական հարուստ ժառանգութիւն ունեցող հայ ժողովուրդի աշխարհագրական, պատմա-մշակութային յիշատակելի իրադրութեանց ու ներդրումներուն, որոնք արժանի են համաշխարհային ճանաչման:

Հայ-Ամերիկեան թանգարանի շինութեան գործը կոթողային եւ բարձրարժէք իրագործում մը պիտի ըլլայ: Այս համաշխարհային առաջին կարգի նոր կառոյցը մըն է, որ կը վայելէ հայ աւանդական կուսակցութիւններու, մշակութային, կրօնական, բարեսիրական կարեւորագոյն հաստատութիւններու հովանաւորութիւնը:

Տասը կազմակերպութիւններ աւելի քան չորս տարիներէ ի վեր, տենդագին լծուած էին այս ազգանուէր կառոյցի վայրի, բլանաւորումի, արտօնագրի եւ այլ յարակից հարցերու բարւօք լուծումին:

Կառուցուելիք թանգարանը ժամադրավայրը պիտի ըլլայ պատմութեամբ ու գեղարուեստով եւ մշակոյթով զբաղուող անհատներու, ուսանողներու եւ արուեստասէր հասարակութեան:

Մեզի համար շատ ուրախալի էր տեսնել որ Կլենտէյլ եւ Լոս Անճելոս քաղաքներու քաղաքապետութիւնները, ոչ միայն խրախուսեցին սոյն նախաձեռնութեան հեռանակները, այլեւ նիւթական ու բարոյական հնարաւոր միջոցներով, խոստացան սատար հանդիսանալ այս յոյժ պատուաբեր հիմնարկի կառուցման գործին:

Առանձնապէս յիշատակութեան արժանի է Գալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւններու գիտակից մօտեցումն ու դրական աջակցութիւնը Հայ-Ամերիկեան թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի շինութեան ծրագրին: Արդարեւ, իրենք եւս հաստատեցին որ այդ կառոյցը գործնապէս պիտի սատարէ ժողովուրդներու հոգեւոր եւ պատմա-մշակութային արժէքներու փոխ ճանաչման գործին: Արդարեւ, առաւել գործնական դառնալու համար` Նահանգային Խորհրդարանը, յառաջիկայ չորս տարիներուն համար, որոշեց չորս միլիոն տոլարով իր օժանդակութիւնը բերել այս կոթողային ծրագրի իրականացման:

Արեւմտեան Ամերիկայի հիւրընկալ ափերուն վրայ կայք հաստատած մեր ժողովուրդը ըստ արժանւոյն պէտք է գնահատէ այս ազգապատկան գեղեցիկ ծրագրի նախաձեռնութիւնը, որ պարծանքն է հայութեան:

Իւրաքանչիւր հայ պէտք չէ անտարբեր մնայ եւ իր լուման ներդնէ Հայ-Ամերիկեան թանգարանի եւ մեր ապագայ մշակութային կեդրոնի իրականացման գեղեցիկ ծրագրին:

Կիրակի օրուան թելեթոնը՝ նոր քայլ մըն է դէպի մօտաւոր ապագան:

«Կառուցենք միասին, փոխանցենք ժառանգութիւն»:
Գ.Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment