Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ը Դէմ է Սուրիոյ մէջ Հայաստան-Ռուսաստան Միջեւ Համագործակցութեան

ԱՄՆ-ը Դէմ է Սուրիոյ մէջ Հայաստան-Ռուսաստան Միջեւ Համագործակցութեան

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւնը արձագանգած է Հայաստանէն մասնագէտներու 83-հոգինոց խումբի Սուրիա գործուղման, ընդգծելով, որ չի պաշտպաներ Սուրիոյ զինուած ուժերու հետ ներգրաւուածութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ համագործակցութիւնը այս առաքելութեան նպատակով:

«Մեզի հասկնալի է Սուրիոյ մարդասիրական իրավիճակին արձագանգելու այլ պետութիւններու ցանկութիւնը, եւ մենք կը կիսենք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ  փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան շուրջ մտահոգութիւնները», – ըսուած է Պետական քարտուղարութեան ` լրատուամիջոցներու հարցումներուն տրուած պատասխանին մէջ, որ տրամադրած են Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունէն: «Այնուհանդերձ, մենք չենք պաշտպաներ Սուրիոյ զինուած ուժերու հետ ներգրաւուածութիւնը՝ ըլլայ քաղաքացիական անձերու օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով, թէ ռազմական ուղղուածութեան: Մենք նաեւ չենք պաշտպաներ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ համագործակցութիւնը այս առաքելութեան նպատակով»:

«Ռուսիա գործակցած է Ասատի վարչակարգին հետ` կոտորածի ենթարկելով քաղաքացիներ եւ պատճառ դառնալով մարդասիրական աղէտի: Ռուսիա կը շարունակէ համաշխարհային հարթակի վրայ հանդէս գալ Ասատի վարչակարգին եւ վերջինիս վայրագութիւններու պաշտպանութեան դիրքերէն», – յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:

Յիշեցնենք, որ 8 Փետրուարին հաղորդուած էր, որ արդէն Հալէպ հասած է մարդասիրական  ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ  անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ բաղկացած 83-հոգինոց խումբը: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցմամբ, որոշումը կայացուած է` նկատի առնելով Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպ քաղաքի մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած ծանր վիճակը, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերը, սուրիական կողմի գրաւոր խնդրանքները, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ մեծաթիւ հայկական համայնքի առկայութիւնը:

Նոյն օրը Մոսկուայի մէջ ընդունելով իր հայաստանցի գործընկեր Դաւիթ Տօնոյեանը՝ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին ․ – «Դուք առաջինը արձագանգեցիք սուրիացի ժողովուրդին օգնելու մեր կոչին»: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարն ալ իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած էր ռուսական կողմին՝ ընդգծելով, որ հայաստանեան մարդասիրական առաքելութիւնը Սուրիա հասած է ռուսական կողմի աջակցութեամբ:

Երեւանի մէջ ասուլիսի ժամանակ Դաւիթ Տօնոյեանը նաեւ նշած է, որ եթէ անհրաժեշտ ըլլայ նաեւ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցիլ, այդ եւս կը կատարուէր օրէնքին համապատասխան եւ քննարկումներէ ետք, ընդ որում՝ նաեւ արտախորհրդարանական ուժերու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment