Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւ Դարձեալ Ասպարէզ կը Կարդայ «Մենք Չենք Համակերպուիր Տարածքներու Գրաւման Հետ»

Ալիեւ Դարձեալ Ասպարէզ կը Կարդայ «Մենք Չենք Համակերպուիր Տարածքներու Գրաւման Հետ»

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն կրկին կը պնդէ, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներէն ներս, եւ որ պիտի ձեռնարկէ հնարաւոր ջանքերը երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար:

Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Real TV-ի հետ զրոյցի ժամանակ:

«Այսօր Ատրպէյճանը առաւելութիւն ունի թէ՛ բանակցային սեղանի շուրջ, թէ՛ մարտի դաշտին մէջ: Միջազգային հեղինակաւոր կառոյցներէն շատերը մեր դիրքորոշումը կը պաշտպանեն», – նշած է Ատրպէյճանի ղեկավարը՝ աւելցնելով, թէ «Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի անբաժանելի մասն է», եւ Պաքուն երբեք չի համակերպիր «իր տարածքներու գրաւման» հետ:

Ալիեւը հերթական անգամ համոզմունք յայտնած է, որ աշխարհի մէջ ուժի գործօնը կը դառնայ գերիշխող, «ուժը կը ծնի իրաւունք»․ – «Մենք պիտի ձեռնարկենք բոլոր հնարաւոր ջանքերը մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար»:

Որոշ պնդումներու համաձայն, վերջին 14 տարուան ընթացքին տեղական լրատուամիջոցին տուած իր առաջին այս հարցազրոյցին մէջ Իլհամ Ալիեւը նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի նոր իշխանութիւններու յայտարարութիւններուն, որ Ղարաբաղը պէտք է վերադառնայ բանակցային գործընթաց: Ատրպէյճանի առաջնորդը ըսած է․ – «Հայկական կողմի այդ դիրքորոշումը աջակցութիւն չէ ստացած ո՛չ Ատրպէյճանի, ո՛չ ալ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու կողմէն»:

Փաշինեանը, ի դէպ, Ազգային Ժողովի ամպիոնէն դարձեալ անդրադարձած էր ղարաբաղեան բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի լիարժէք ներգրաւման անհրաժեշտութեան՝ վստահեցուցած էր, որ այն իրականացնելու  համար կը տեսնէ «շատ յստակ ձեւեր եւ մեթոտներ»:

Պաքուն, որ շաբաթներ առաջ կը խօսէր ղարաբաղեան գործընթացի մէջ մեծ տեղաշարժերու յոյսերու մասին, կոշտ արձագանգած է Հայաստանի ղեկավարի յայտարարութիւններուն: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ի պատասխան կոչ ըրած է «չսրել իրավիճակը եւ նախադրեալներ ստեղծել խաղաղ գործընթացի համար»:

«Մէկ կողմէն Փաշինեանը կը յայտարարէ խաղաղ պայմաններ ստեղծելու կարեւորութեան մասին, միւս կողմէն՝ կը փորձէ փոխել բանակցային ձեւաչափը, կը փորձէ մեղադրել Ատրպէյճանը «յարձակողական  հռետորաբանութեան մէջ, իբրեւ թէ Պաքուն իր բնակչութեան կը նախապատրաստէ պատերազմի, ոչ թէ խաղաղութեան», – յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Լեյլա Ապտուլաեւան:

Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմէն արձագանգած են նաեւ տնտեսական յեղափոխութեան մասին Փաշինեանի յայտարարութիւններուն, պնդելով, որ Հայաստանի մէջ որեւէ տնտեսական առաջընթաց չի կրնար ըլլալ, քանի դեռ հակամարտութիւնը կը մնայ չկարգաւորուած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment