Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սուրիա Ուղարկուած Խումբը Մասնագէտներու Խումբ է.Ռուբէն Ռուբինեան

Սուրիա Ուղարկուած Խումբը Մասնագէտներու Խումբ է.Ռուբէն Ռուբինեան

by MassisPost

«Սիրիա զօրք չի ուղարկուել, սա շատ կարեւոր շեշտադրում է: Սիրիա ուղարկուել է մասնագէտների խումբ, եւ սա էապէս փոխում է հարցը»,- խորհրդարանէն ներս լրագրողներուն ըսած է Ազգային Ժողովի  Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը՝ անդրադառնալով այս հարցով վերջին օրերուն հնչող քննադատութիւններուն: Ռուբինեանի խօսքով՝ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ յստակ նշած է այն իրաւական հիմքերը, որոնց հիման վրայ մասնագէտներու խումբը ուղարկուած է Սուրիա:

«Խնդիրը հետեւեալն է՝ հնչում են յայտարարութիւններ, որ մասնագէտների խումբը Սիրիա ուղարկելու համար պէտք է լինի պայմանագիր, որը կը լինի դրա հիմք, եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ հիմքը 2001 թուականին կնքուած պայմանագիրն է»,- աւելցուցած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment