Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Յայտարարած է Տնտեսական Յեղափոխութեան Մեկնարկը

Փաշինեան Յայտարարած է Տնտեսական Յեղափոխութեան Մեկնարկը

by MassisPost

ՀՀ Կառավարութեան արտահերթ նիստի ժամանակ գործադիրը միաձայն կողմ քուէարկած է կառավարութեան յառաջիկայ հինգ տարիներու ծրագրին:

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը նշած է, որ ծրագրի հետ կապուած ընելիքներու գործիքակազմը եւ թուային ցուցանիշները արտացոլուած պիտի ըլլան ոլորտային ծրագրերու մէջ, որոնք պիտի մշակուին կառավարութեան ծրագրի հաստատումէն անմիջապէս ետք:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գնահատմամբ՝ կառավարութեան ծրագիրը լիարժէք կը համապատասխանէ իրենց հայեցակարգային պատկերացումներուն:

«Մեր հայեցակարգային պատկերացման համար շատ անկիւնաքարային նշանակութիւն ունի հետեւեալը, որ մենք հռչակել ենք տնտեսական յեղափոխութեան հայեցակարգը, եւ ըստ էութեան, մենք այս ծրագրով ազդարարում ենք տնտեսական յեղափոխութեան մեկնարկը՝ արձանագրելով, որ կառավարութեան գործառոյթը շարունակում է մնալ նոյնպիսին, ինչպիսին եղել է Հայաստանում ոչ բռնի, թաւշեայ ժողովրդական յեղափոխութեան քաղաքական հարթակի պատասխանատուութիւնը, եւ դա հնարաւորութիւններ ստեղծելն է։ Կառավարութեան առանցքային դերակատարումը լինելու է այն, որ այդ հնարաւորութիւնները լինեն կիրառելի, իսկապէս մարդիկ հնարաւորութիւն ունենան ռէալ տեսնել, շօշափել եւ իրենց ձեռքում ունենալ այդ հնարաւորութիւնը, եւ այդ հնարաւորութիւնները ապահովուած լինեն կիրառման համապատասխան գործիքակազմով», – նշած է Փաշինեանը։

Ծրագիրը կառավարութիւնը ուղարկած է Ազգային ժողով, եւ համաձայն Սահմանադրութեան 151-րդ յօդուածին՝ ծրագիրը հաւանութեան պէտք է արժանանայ եօթնօրեայ ժամկէտի ընթացքին` պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ, հակառակ պարագային Ազգային ժողովը կ’արձակուի իրաւունքի ուժով:

Կառավարութեան նիստի ժամանակ վարչապետը տեղեկացուցած է նաեւ, որ յառաջիկային Ազգային ժողով պիտի ներկայացուին Հարկային օրէնսգիրքը, անկէ բխող քանի մը օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան նոր կառուցուածքի մասին նախագիծը: Աւելի ուշ վարչապետը ֆէյսպուքեան գրառմամբ տեղեկացուցած է, որ վերջնականօրէն աւարտած են քննարկումները եւ կառավարութիւնը բաղկացած պիտի ըլլայ 12 նախարարութիւններէ:

Վարչապետի աշխատակազմին մէջ պիտի ստեղծուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօն, որ պիտի ըլլայ վարչապետի ներկայացուցիչը Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ եւ վարչապետի անունով պիտի համակարգէ կառավարութեան աշխատանքները սփիւռքի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment