Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Նախագահը Ապրիլ 24-ը Հռչակած է Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր

Ֆրանսայի Նախագահը Ապրիլ 24-ը Հռչակած է Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր

by MassisPost

Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ հռչակուած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Այս մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը՝ Փարիզի մէջ ելոյթ ունենալով Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամէնամեայ ճաշկերոյթի ընթացքին:

«Ֆրանսան այն երկիրն է, որ ուղիղ կը նայի պատմութեան աչքերուն», – ըսած է Ֆրանսայի նախագահը ֆրանսահայ համայնքի 350 ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ: Մաքրոն յիշեցուցած է, որ Ֆրանսան առաջին երկիրներէն էր, որ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կոտորածները անուանեց մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն:

«Ֆրանսահայերու պատմութիւնը կը պատկանի Ֆրանսայի պատմութեան, եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը մեր յիշողութեան մէկ մասն է, ուստի մեր հանրապետութիւնը պէտք է յիշէ այն», – ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:

France-Presse լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Մաքրոն յայտնած է, որ իր որոշման մասին նախապէս տեղեակ պահած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրդողանին:

Միջոցառման ժամանակ Ֆրանսայի նախագահը նաեւ յարգանքի տուրք մատուցած է Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին: Աշխարհահռչակ շանսոնիէի որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուրը Մաքրոնին ծիրանենիի փայտէ պատրաստուած տուտուկ նուիրած է:

Ապրիլը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ազգային օր հռչակելը 24-ը Մաքրոն խոստացած էր իր նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին։

Թուրքիան, իր հերթին, դատապարտած է Ապրիլի 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու՝ Մաքրոնի որոշումը:

«Հայերու, այսպէս կոչուած, ցեղասպանութեան մասին պնդումները քաղաքական սուտ են, չունին որեւէ իրաւական հիմք եւ կը հակասեն պատմական փաստերուն», – յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment