Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Ներկայացուցած է Հնգամեայ Ծրագիրը

Կառավարութիւնը Ներկայացուցած է Հնգամեայ Ծրագիրը

by MassisPost

Գործադիրի նիստի ժամանակ  ներկայացուած է կառավարութեան հինգ տարուան ծրագրի նախագիծը: Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը նշած է, որ ծրագրի մէջ ներառականութիւնը եւ մասնակցութիւնը շատ ընդարձակ է եւ խմբագրական բնոյթի խնդիրները լուծելէ ետք պիտի ամփոփեն եւ ուղարկեն Ազգային ժողով:

«Կառավարութեան գործունէութիւնը միտուած է լինելու Հայաստանի Հանրապետութիւնում բարձր արհեստագիտական, արդիւնաբերական, ինչպէս նաեւ բնապահպանական բարձր չափանիշներին համապատասխանող, արտահանմանը միտուած, մրցունակ եւ ներառական տնտեսութիւն կառուցելուն», – ըսած է Գրիգորեանը։

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը յայտարարած է, որ կառավարութեան ծրագրի գաղափարական հիմքը «Իմ քայլը» դաշինքի նախընտրական ծրագիրն է, որ 2018 թուականի 9 Դեկտեմբերի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ստացած է ընտրողներու բացարձակ մեծամասնութեան վստահութեան քուէն:

«Իմ քայլը» դաշինքի նախընտրական ծրագրէն կը բխի կառավարութեան ծրագիրը՝ շուկաներուն մէջ մրցունակութեան բարձրացման առումով, ներառականութեան առումով, առողջապահութեան, կրթութեան ոլորտներու նկատմամբ մեծ ուշադրութեան առումով, ենթակառուցուածքներու զարգացման առումով», – ընդգծած է փոխվարչապետ Աւինեանը։

70 էջէ բաղկացած ծրագրի 8 առանձին գլուխներէն մէկը մրցունակ, մասնակցային եւ ներառական տնտեսութեան մասին է, ուր կարեւորուած է «զէրոյէն» տնտեսական գործունէութիւն սկսելու իրական հնարաւորութիւններու ձեւաւորումը: Տնտեսութիւնը պէտք է աճի մեծ քայլերով: Կառավարութիւնը նպատակադրած է նաեւ մինչեւ 2023 թուականը վերացնել ծայրայեղ աղքատութիւնը, նաեւ շարունակաբար բարձրացնել նուազագոյն աշխատավարձը:

Ծրագրի առաջնահերթութիւններէն է պաշտպանութեան ոլորտի քաղաքականութիւնը: Կառավարութիւնը միտուած է զինուած ուժերը համալրել հրետանային խոցման եւ հակաօդային պաշտպանութեան ժամանակակից համալիրներով:

Կառավարութեան ծրագրին մէջ «Ազատ, արժանապատիւ եւ երջանիկ քաղաքացին» յատուկ գլուխ ներառուած է, ուր նշուած է, որ ատոր երկար տարիներ խոչընդոտող կարեւորագոյն գործօններէն մէկը արդարութեան բացակայութիւնն էր:

Ծրագրին մէջ որեւէ անդրադարձ չկայ անցումային արդարադատութեան, ինչի մասին բազմիցս խօսած է Նիկոլ Փաշինեանը: Ոչինչ կայ նաեւ իշխանութեան ճիւղերու լիազօրութիւններու հաւասարակշռման ուղղուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու յետագայ անհրաժեշտութեան մասին, Ընտրական Օրէնսգիրքի, Կուսակցութիւններու մասին օրէնքի փոփոխութիւններու մասին: Այս կէտերու բացակայութիւնը մտահոգիչ կը համարէ Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում ՀԿ համակարգող Դանիէլ Իոանիսեանը:

«Ես կարծում եմ, որ ժողովրդավարական այս կարեւորագոյն բարեփոխումների մասին որեւիցէ յիշատակման բացակայութիւնը կառավարութեան ծրագրում կարող է պայմանաւորուած լինել կամ նրանով, որ դա Խորհրդարանի օրակարգում է լինելու, կամ նրանով, որ այդ հարցերին այսքան առաջնահերթութիւն չի տրւում։ Թերեւս, անգամ, եթէ դա Խորհրդարանի օրակարգում է, միեւնոյնն է կառավարութեան ծրագրում այն պէտք է տեղ գտնէր թէկուզ կարճ, թէկուզ հպանցիկ», – ըսած է Իոաննիսեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment