Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իսրայէլի Կառավարութիւնը Վերցուցած Է Ատրպէյճանին Անօդաչու Թռչող Սարքեր Վաճառելու Արգելքը

Իսրայէլի Կառավարութիւնը Վերցուցած Է Ատրպէյճանին Անօդաչու Թռչող Սարքեր Վաճառելու Արգելքը

by MassisPost

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) արտադրութեամբ զբաղող Aeronautics ընկերութեան թոյլատրած է շարունակել սարքերու վաճառքը Ատրպէյճանին: Այս մասին կը յայտնէ «The Times of Israel»-ը:

2017-ի Օգոստոսին իսրայէլական թերթերէն մէկը տեղեկատւութիւն տարածած էր, որ Aeronautics ընկերութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչները Արպէյճանի պահանջով իրենց արտադրած ԱԹՍ-ները այդ երկրին վաճառելէն առաջ փորձարկած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հետաքննութիւն սկսած էր, իսկ անցած շաբաթ տեղեկատւութիւն տարածուեցաւ, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կասեցուցած է ընկերութեան՝ արտահանման թոյլտւութիւնները:

Aeronautics-ը Փետրուար 4-ին Tel Aviv Stock Exchange-ին տեղեկացուցած է, որ «Իր «Օրպիթըր 1K Կամիկաձէ» անօդաչու թռչող սարքը կեդրոնական A գնորդին վաճառելու արգելքը հանուած է: «Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ընկերութեան յայտնած է, որ ան արտահանման արգելքը հանուած է: Ընկերութիւնը հնարաւորին չափ շուտ կրնայ շարունակել անօդաչու թռչող սարքեր վաճառել վերը նշուած գնորդին»,- ըսուած է ընկերութեան յայտարարութեան մէջ:

Aeronautics ընկերութիւնը նաեւ հաստատած է, որ ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի, փոխտնօրէնի եւ եւս մէկ բարձրաստիճան ներկայացուցչի արտահանման թոյլտւութիւնները կասեցուած են՝ սկսած 3 Ապրիլէն:

«Ժամանակաւոր կասեցումը պիտի գործէ մինչեւ աշխատակիցներուն մեղադրանք առաջադրելու կամ չառաջադրելու որոշման ընդունումը: Երբ այդ որոշումը կայացուի, ժամանակաւոր կասեցման որոշումը պիտի վերանայուի»,- նշուած է ընկերութեան յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment