Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մայր Աթոռի Պատուիրակները Հանդիպած են Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Չաւուշօղլուի Հետ

Մայր Աթոռի Պատուիրակները Հանդիպած են Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Չաւուշօղլուի Հետ

by MassisPost

«Ակօս» թերթի հաղորդմամբ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Անգարայի մէջ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ, Վատիկանի մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեանի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, թէ Պոլսոյ հայ համայնքը պատրիարքական ընտրութեան հարցի լուծման համար պէտք է «քիչ մըն ալ համբերէ»:

Հանդիպման ժամանակ, որու ընթացքին քննարկուած է Պոլսոյ Հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցը, ներկայ եղած են նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը եւ Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի ղեկավար Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեանը:

Խաժակ Սրբազանը «Ակօս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշելով, որ այս հանդիպման գաղափարը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսինը եղած է՝ շեշտած է, որ նախաձեռնութեան նպատակը ոչ թէ հարցին միջամտելն է, այլ լուծման նպաստելը:

Արք. Պարսամեանը մանրամասներ պատմած է, թէ ինչպէս կազմակերպուած է նախարար Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումը. – «Վեհափառը ցանկացաւ, որպէսզի ես թրքական կողմին ներկայացնեմ այս հարցի շուրջ իր տեսակէտը: Հռոմի մէջ գտնուելու ժամանակ այցելեցի Թուրքիոյ դեսպանին եւ փոխանցեցի թուրք Արտաքին գործց նախարարի հետ հանդիպելու ցանկութիւնը: Դեսպանն ալ շատ դրական արձագանգեց եւ ըսաւ, որ կը փոխանցէ նախարարին: Այնուհետեւ ինձ զանգահարեց եւ յայտնեց, որ նախարարը հանդիպման օր նշանակած է: Ես ալ այս զարգացումներուն մասին տեղեկացուցի կաթողիկոս Գարեգին Բ-ին»:

Ամփոփելով Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլիի հետ շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը՝ արք. Պարսամեանը նշած է. – «Նախարարը մեզ շատ ջերմ ընդունեց, ես ալ շատ յստակ ներկայացուցի մեր նպատակը, այն է՝ ոչ թէ դուրսէն միջամտել գործընթացին, այլ ներկայացնել մեր մտահոգութիւնները, եւ եթէ ինչ-որ կերպ կրնանք աջակցիլ, պատրաստ ենք մեր ներդրումը ունենալու: Նախարարն ալ նշեց, որ սա ներքին հարց է, պետութիւնն ալ կ’ուզէ պատրիարքական ընտրութիւններ, սակայն պէտք է քիչ մըն ալ համբերել: Զգացի, որ անոր խօսքերը անկեղծ են»:

Խաժակ Սրբազանը աւելցուցած է, որ իր տպաւորութեամբ պետութիւնը կը ցանկայ, որպէսզի այս գործընթացը հնարաւորինս խաղաղ անցնի եւ ներհամայնքային լարուածութիւն չառաջանայ:

Վերջին տասնամեակին Պոլսոյ Հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցը Պոլսոյ հայ համայնքի օրակարգին մէջ է: Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը 2008-էն անբուժելի հիւանդ է եւ փաստացիօրէն չի կրնար կատարել իր պարտականութիւնները: Թրքական իշխանութիւնները, սակայն, չեն արտօներ նոր Պատրիարքի ընտրութիւն իրականացնելը՝ այն հիմնաւորմամբ, թէ Մեսրոպ Մութաֆեանը դեռ ողջ է, անոր առողջական խնդիրները պատրիարքական աթոռը թափուր ճանչնալու պատճառ չեն համարուիր, հետեւաբար ընտրութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ չկան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment