Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բանակի Օրը Արատաւորողները

Բանակի Օրը Արատաւորողները

by MassisPost

Յունուար 28-ին, Հայաստանի մէջ նշուեցաւ Հայոց Բանակի հիմնադրութեան 27-րդ տարեդարձը: Այս առթիւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած միջոցառումներուն կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը: Ներկայ էր նաեւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար` Վիտալի Բալասանեանը, որ դարձեալ «փայլեցաւ» իր պաշտօնին ոչ պատշաճ ու անտեղի յայտարարութիւններով: «Եռաբլուր» այցելութեան ընթացքին ան փոխանակ կեդրոնանալու օրուայ իմաստին ու խորհուրդին վրայ, արտայայտեց տեսակէտներ որոնք արժանացան ժողովրդային ընդվզումի:

Բալասանեան դիւանագիտական պատշաճութիւններէն դուրս գալով, տողատակերով քննադատեց Հայաստանի ղեկավարութեան Արցախի հարցի շուրջ վարած բանակցային ռազմավարութիւնը, կասկածի տակ առաւ իրաւապահ մարմիններու քննչական կարողութիւնները, «Մարտ Մէկի» գործը որակեց «ծիծաղելի», իրաւագիտական դասեր տալով յայտարարեց որ, իշխանութիւնները չեն կրնար սահմանադրութիւն խախտել, այդ կ՛ընեն ընդդիմադիրները: Իսկ երբ հարց տրուեցաւ Քոչարեանի կատարած թալանի մասին, ան մեղադրեց ժողովուրդին, պատասխանելով՝ «չարտօնէիք»:

Այս բոլորի մասին կարելի էր չանդրադառնալ, եթէ չըլլար Հայաստանի հասարակութեան բուռն հակազդեցութիւնը՝ ընկերային ցանցերու միջոցաւ: Հարիւրաւոր գրառումներու հեղինակները ոչ միայն կը քննադատէին Բալասանեանին, այլեւ շատեր կ՛օգտագործէին «Հայաստանցի-Ղարաբաղցի» վտանգաւոր խօսակցութիւնները:

Ի տարբերութիւն նախագահ Բակօ Սահակեանի, Վիտալի Բալասանեանը այն ղեկավարներէն է, որոնք չեն հաշտուած Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն հետ ու իրենց յաճախակի յայտարարութիւններով կարօտախտ կը ցուցաբերեն անցեալի նկատմամբ, առանց անդրադառնալու որ, այդպիսով կը վիրաւորեն ամբողջ ժողովուրդի զգացումները:

Երբ պատերազմի վտանգը միշտ առկայ է ամէն պահ ու Հայաստան-Արցախ միասնականութիւնը միակ երաշխիքն է թշնամիի ախորժակները զսպելու համար, Բալասանեանները պէտք է գտնուին աւելի զգոյշ եւ վարուին այնպէս, ինչպէս կը վարուին Հայաստանի իշխանութիւններըª հրապարակաւ չարտայայտուելով Արցախի ներքին հարցերու մասին:

«Եռաբլուրը» չէր այն վայրը եւ Բանակի օրը չէր այդ պահը, նման ելոյթներով արատաւորելու Օրուան ոգին ու նշանակութիւնը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment