Նախորդ իշխանութիւններու օրօք 9 տարուան ընթացքին դուրս բերուած են 10 միլիառ տոլարի բաժնեթուղթեր: Այս մասին լրագրողներուն ըսած է Transparency International հակակաշառակերային կեդրոնի փորձագէտ Խաչիկ Յարութիւնեանը: Անոր խօսքով՝ այս բաժնեթուղթերը դուրս բերուած են 2004-2013 թուականներուն:
«Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ» կեդրոնը կաշառակերութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքար ծաւալելու եւ յաջողութիւններ ամրագրելու նպատակով առաջարկներ ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին եւ Կառավարութեան:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես»–ը, «Հակակաշառակերային օրակարգ Հայաստանի համար» թեմայով քննարկման ժամանակ «Թրանսփարընսի Ինթըրնաշընլ» կեդրոնի ծրագրի ղեկավար Վարուժան Հոկտանեանը նշած է, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարը պէտք է ըլլայ համակարգային եւ ընդգրկէ բոլոր ոլորտները, սակայն, որպէսզի պայքարը ըլլայ արդիւնաւէտ շատ կարեւոր է նախաձեռնել կաշառակերային վտանգներու ուսումնասիրութիւններ եւ վեր հանուած ռիսքերու ուղղութեամբ կանխարգելման միջոցառումներ նախատեսել պետական կառավարում իրականացնող բոլոր մարմիններու կողմէ:
«Թրանսփարընսի Ինթըրնաշընլ» կեդրոնի ծրագրի ղեկավարը առաջարկած է հնարաւորինս շտապ վերանայիլ Կաշառակերութեան կանխարգելման յանձնաժողովի անդամներու ընտրութեան կարգը:
«Յանձնաժողովի անդամների ընտրութիւնը պէտք է վերապահուի համաժողովրդական ընտրութեամբ ձեւաւորուած Ազգային ժողովի պատգամաւորներին»,- ըսած է Հոկտանեանը:
Կեդրոնը նաեւ առաջարկած է ընդլայնել պաշտօնատար անձանց գոյքի, եկամուտներու եւ շահերու յայտարարագրերու` հրապարակման ենթակայ տուեալներու ցանկը: