Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Աղմկոտ Քրէական Գործ. Բազմաթիւ Նախկին Պաշտօնեաներ Ներգրաւուած Են

Նոր Աղմկոտ Քրէական Գործ. Բազմաթիւ Նախկին Պաշտօնեաներ Ներգրաւուած Են

by MassisPost

ՀՀ քննչական կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերով (ՅԿԳ) քննութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ յարուցուած է քրէական գործ՝ անտառային ֆոնտի հողերէն աւելի քան 50 հեքթար հողատարածքի սեփականաշնորհման ընթացքին պաշտօնատար անձանց կողմէ պաշտօնէական դիրքը չարաշահելու դէպքի առթիւ:

Նախնական տուեալներով՝ ՀՀ Կոտայքի մարզի Հրազդան համայնքի վարչական սահմաններուն մէջ գտնուող անտառային ֆոնտի անտառածածկ հողերը Կոտայքի մարզպետը 04.12.2006-ին ՀՀ տարածքային կառավարման նախարարին հասցէագրուած գրութեամբ ներկայացուցած է որպէս ոչ անտառածածկ ու առաջարկած փոխել անոնց դասակարգումը՝ որոնց վրայ բացակայած են շահագրգիռ կողմերու հետ համաձայնեցուած ըլլալու վերաբերեալ տուեալները: Հրազդան համայնքն ալ իր հերթին հողատարածքը բաժանած է տարբեր հատուածներու ու հրապարակային սակարկութիւններով վաճառած տարբեր քաղաքացիներու:

Նիւթերու նախապատրաստման ընթացքին ձեռք բերուած են բաւարար փաստական տուեալներ՝ ՀՀ կառավարութեան՝ 2007 թուականի 5 Ապրիլին թիւ 422-Ն որոշման ընդունման ընթացքին շարք մը պաշտօնատար անձանց կողմէ, խմբային շահերէ ելլելով, պաշտօնէական դիրքը ծառայութեան շահերուն հակառակ օգտագործելու կամ ծառայողական պարտականութիւնները չկատարելու վերաբերեալ, ինչը անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ, ուստիեւ՝ ՀՀ Քննչական Կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ յարուցուած է քրէական գործ:

Խնդրոյ առարկայ հողատարածքները աժան գինով վաճառուած են նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն: Անոնց շարքին են նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, նախկին դատախազ Աղուան Յովսէփեանը, նախկին պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանը եւ ուրիշներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment