Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հրանդ Տինք Ոգեկոչուեցաւ Լոս Անճելոսի Մէջ

Հրանդ Տինք Ոգեկոչուեցաւ Լոս Անճելոսի Մէջ

by MassisPost

«Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի նահատակութեան 12րդ տարելիցին առթիւ, Կիրակի, 20 Փետրուար 2019, յուշ երեկոյ մը կազմակերպուած էր Լոս Անճելոսի Պոլսահայ Միութեան կողմէ, որ տեղի ունեցաւ միութեան հանդիսասրահին մէջ:

Բազմահարիւր ներկաներուն հետ միջոցառման մասնակիցներուն մէջ էին Թեմիս Բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք.ի ներկայացուցիչ Հոգեշ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, նախկին առաջնորդ Գերշ. Վաչէ արք. Յովսէփեան, Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու միութեան կողմէ Վեր. Ճօ Մաթոսեան, գոնկրեսական Պրատ Շերման, ինչպէս նաեւ հայ աւանդական կուսակցութիւններու, մամուլի եւ հասարակական տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ Տոքթ. Յովհաննէս Աւետիքեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ներկաները յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը նահատակ Հրանդ Տինքին, որուն հետեւեցաւ հոգեհանգստեան կարճ արարողութիւն մը, մասնակցութեամբ ներկայ հոգեւորականներուն:

Օրուան հանդիսավար եւ Պոլսահայ Միութեան ատենապետ իրաւաբան Էտվին Մինասեան արդարութաեն եւ ազատութեան ռահվիրայ Հրանդ Տինքի ժողովրդանուէր պայքարը ոգեկոչեէ ետք բեմ հրաւիրեց «Ակօս»ի երկարամեայ աշխատակիցներէն Հրանդ Տինքի գործակից Զաքարիա Միլիտանօղլուն եւ զինք պարգեւատրաեց Հրանդ Տինքի «Հոգիի Ազատութեան եւ Արդարեւթեան Շքանշան»ով:

Երեկոյի գլխաւոր բանախօսն էր պոլսահայ ծանօթ ճարտարապետ, հեղինակ եւ հետախոյզ Զաքարիա Միլիտանօղլուն՝ Ան ոգեկոչելէ ետք նահատակ խմբագիրին խիզախ պայքարը անդրադարձաւ հայ մամուլի ազգանուէր ծառայութիւններուն եւ գեղեցիկ համադրումով մը վիճակագրական համապարբակ ու շահեկան տեղեկութիւններ տուաւ մեր դարաւոր մամուլի տարբեր բաժանմունքներուն մասին, սալիկներու ցուցադրութեամբ:

dink-event-2

Միջոցառումի երկրորդ բաժինն էր հարցազրոյցը պոլսահայ գրող, թղթակից եւ Հրանդ Տինքի հետեւորդներէն Հայկօ Պաղտատի հետ: Հարցազրոյցը հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով ձեռնհասօրէն վարեց իրաւաբան Էտվին Մինասեանը£ Գլխաւոր նիւթն էր Թուրքիանª Հրանդ Տինքի սպանութենէն առաջ եւ վերջ եւ գործերու ներկայ իրավիճակը: Հարցազրոյցին միացան նաեւ Զաքարիա Միլիտանօղլու եւ Մանուկ Աւետիքեան: Բոլոր խօսք առնողներն ալ անդրադաձան Թուրքիոյ այժմու հակաժողովրդավար քաղաքականութեան, համատարած անարդարութեան, բռնաճնշումներու եւ Էրտողանի ահաբեկչական մենատիրական քաղաքականութեան: Անոնք յոյս յայտնեցին որ Հրանդ Տինքի դաժան սպանութեան հեղինակները կը յայտնաբերուին ու կը դատապարտուին:

Ծանօթ իրաւաբան Կարօ Ղազարեան իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատեց Հրանդ Տինքի տեսլականն ու անոր օգտաշատ աշխատաննքերը, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով եւ աւելցուց. «Պիտի գայ օրը երբ հայերը պիտի տեսնեն իրենց իղձերու իրականացումը»:

Հրանդ Տինքի յիշատակը ոգեկոչող տպաւորիչ ելոյթով մը հանդէս եկաւ նաեւ գոնկրէսական Պրատ Շերման: Ինք եւս դատապարտեց Թուրքիոյ մէջ գործուած անարդարութիւնները եւ հաւաստիացուց որ պիտի հետապնդէ հայոց ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան արդար դատի իրաւունքները:

Յուշ երեկոյի գեղարուեստական բաժնին մէջ պատշաճ ասմունքով ելոյթ ունեցան Աստիկ Տատուրեան, տուտուկի ընկերակցութեամբ Ալպեռ Վարդանեանի:

Ոգեկոչական սոյն միջոցառումի աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ օրուան դասախօսներու գիրքերու վաճառք եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Գ.Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment