Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Պելառուսիոյ Համար Եղած է եւ կը Մնայ Վստահելի Գործընկեր. Լուկաշենքօ

Հայաստանը Պելառուսիոյ Համար Եղած է եւ կը Մնայ Վստահելի Գործընկեր. Լուկաշենքօ

by MassisPost

Պելառուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Ղեւոնդեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուկաշենքոյին: Այս մասին կը յայտնէ պելառուսական «Պելթա» գործակալութիւնը:

«Հայաստան Պելառուսիոյ համար եղած է եւ կը մնայ յուսալի գործընկեր, որուն հետ մեզի կը կապէ բազմածրագիր համագործակցութիւնը, ինչպէս` Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ»,- ըսած է Պելառուսի նախագահը:

Ան ընդգծած է հայ պելառուսական յարաբերութիւններու բաղկացուցիչ առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը ընդլայնելու նպատակամղուածութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու իւրաքանչիւր նախագիծի, որ կը հետաքրքրէ հայաստանցի գործընկերները, նաեւ՝ Հայաստանի տարածքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment