Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին:
Ողջունելով նախագահ Թրամփը ՀՀ նախագահի, վարչապետի ու ժողովուրդի անունով դեսպան Ներսէսեան նշած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ ու պատասխանատւութիւն է Հայաստանը ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու մէջ այս կարեւոր ժամանակաշրջանին:
«Հաւատարմագրերու յանձնման արարողութեան ժամանակ տեղի ունեցած կարճ զրոյցի ընթացքին նախագահ Թրամփ ու դեսպան Ներսէսեան կարեւոր համարած են տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնմանն ուղղուած քայլերը: Կողմերը շեշտած են ամերիկահայ համայնքի դերակատարութիւնը երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութեան զարգացման գործին մէջ»: