Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վաչական Ղազարեանը չի Կրնար Պետութեան 6 Միլիոն Տոլար Փոխանցել, Քանի որ Անոր Հաշիւները Կալանքի Տակ Են

Վաչական Ղազարեանը չի Կրնար Պետութեան 6 Միլիոն Տոլար Փոխանցել, Քանի որ Անոր Հաշիւները Կալանքի Տակ Են

by MassisPost

Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի թիկնազօրի նախկին պետ Վաչական Ղազարեանի՝ պետութեան 6 միլիոն տոլար փոխանցելու յայտարարութիւնը ուժի մէջ է, բայց Ղազարեանը այդ չի կրնար ընել՝ քանի որ անոր հաշիւները կալանքի տակ են։

«Պէտք է այդ գումարները կալանքից հանուի, եւ նախաքննութիւնը վարող մարմնի հետ միասին պէտք է մշակուեն համապատասխան ընթացակարգեր՝ այդ ընթացակարգերով այդ գումարը փոխանցուի», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ղազարեանի պաշտպան Արմէն Յարութիւնեանը:

Ապօրինի հարստացման մէջ մեղադրուող Ղազարեանը 30 Դեկտեմբերին դատարանի որոշմամբ 50 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակուեցաւ կալանքէն: Ան մէկ անգամ արդէն կալանաւորուած էր ամրան, ապա 1 միլիառ դրամ գրաւով ազատ արձակուած էր։ Ղազարեանը մեղադրանքը չընդունիր, «Ազատութեան» փոխանցած է փաստաբան Յարութիւնեանը: Հարցին, թէ ինչպէս վճարած է  50 միլիոն դրամ գրաւը, փաստաբանը պատասխանած է․- «Ընկերների, հարազատների, բարեկամների համատեղ ուժերով գումարը վճարուել է»:

Վաչական Ղազարեանը 12 Դեկտեմբերին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ իր եւ իր ընկերոջ անունով՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով մօտ 6 միլիոն տոլար փոխանցել պետութեան: Յայտարարութեան մէջ ան նշած էր, որ քրէական հետապնդումը իրականացնող մարմնին ներկայացուցած է իր եւ կնոջ դրամատնային հաշիւներուն մէջ շուրջ 10 տարի առկայ, ինչպէս նաեւ իրենց բնակարանին մէջ խուզարկութեան ժամանակ առգրաւուած կանխիկ դրամական միջոցներու ծագման աղբիւրները։ Ըստ այդմ, անոնց զգալի մասը կը պատկանի Հայաստանէն դուրս բնակող Ղազարեանի գործարար, մտերիմ ընկերոջ, որու տուեալները Վաչական Ղազարեանը, սակայն, չէ հրապարակած։

Միեւնոյն ժամանակ, ապօրինի հարստացման մէջ մեղադրուող նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեան իր եւ ընկերոջ անունով յայտարարած է, որ 6 միլիոն տոլարը մտադիր է փոխանցել Հայաստանի եւ Ղարաբաղի անվտանգութեան ամրապնդմանն ուղղուած ծրագիրներու իրականացման կամ պետական այլ կարիքներու համար։

«Ազատութեան» հարցին՝ եթէ Ղազարեանը մեղադրանքը չընդունիր, ինչու նման մտադրութիւն յայտնած է, անոր փաստաբանը պատասխանած է․ – «Ես այդ հարցի պատասխանը չեմ կարող տալ: Թէ ինչի համար է փոխանցում, ինչ շարժառիթներով՝ ես որեւէ մեկնաբանութիւն այս պահին չեմ կարող տալ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment