Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանը Մտահոգուած է «Ուաշինկթընի Միջամտութեանը Հայաստանի Ներքին Գործերուն Մէջ»

Ռուսաստանը Մտահոգուած է «Ուաշինկթընի Միջամտութեանը Հայաստանի Ներքին Գործերուն Մէջ»

by MassisPost

Վերջին շրջանին ռուսական մամուլը յաճախ կը գրէ այն մասին, որ Հայաստանը թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք կրնայ փոխել իր արտաքին քաղաքականութիւնը։

Նման մտավախութիւններ հնչած են նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկոր Քարասինի՝ «Նովոսթի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ։

Հարցին, թէ «արդեօ՞ք Ռուսաստանը մտահոգուած չէ, որ Դեկտեմբերին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Հայաստանը կը փոխէ իր արտաքին քաղաքականութեան  արեւելումը դէպի Արեւմուտք եւ Միացեալ Նահանգներ», Քարասինը պատասխանած է. – «Հարցը այն չէ, թէ արդեօ՞ք նման մտավախութիւն ունի Ռուսաստանը, թէ՞՝ ոչ, այլ այն, որ նման մտավախութիւն պէտք է ունենայ Հայաստանի բարեկամ ժողովուրդը։ Այն արմատական փոփոխութիւններու ֆոնին, որ տեղի ունեցած են Հայաստանի մէջ այս տարի, Ուաշինկթընի միջամտութիւնը Հայաստանի ներքին գործերուն աւելի անսքօղ կը դառնայ»։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է նաեւ, որ Ռուսաստանը ժամանակին մեկնաբանած էր Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ռիչարտ Միլզի յայտարարութիւնները։

«Միլզը աչքի  զարկած է անով, որ Հայաստանի կառավարութեան կ’ըսէր՝ ինչպէս բաշխել պիւտճէն եւ Ուաշինկթընի կողմէն ֆինանսաւորուող հասարակական կազմակերպութիւններէն կը պահանջէր ուշադիր հետեւիլ իշխանութիւններու գործողութիւններուն», – ըսած է Քարասինը։

Սակայն նշենք, որ Մոսկուային աւելի ջղագրգռած են անվտանգութեան հարցերով ԱՄՆ նախագահի խորհրդական Ճոն Պոլթընի յայտարարութիւնները։

Քարասինի խօսքով՝ Պոլթընը հայ ժողովուրդի պատմական փորձը նուաստացնող յայտարարութիւն ըրած է՝ այն կոչելով պատմական քլիշէ, երբ կը խօսէր հայ ռուսական բարեկամութեան մասին։

Նշենք, որ Պոլթընը իր հարցազրոյցին մէջ որեւէ երկրի անուն չէր յիշատակած, միայն ըսած էր․ – «Կը կարծեմ՝ ժողովուրդի համար առաւել նախընտրելի է ունենալ լայն հնարաւորութիւններ միջազգային ասպարէզի մէջ եւ չկաշկանդուիլ պատմական կաղապարներով»։

Պոլթընը, հարցազրոյցի ժամանակ շարունակած է Քարասինը, Հայաստանին կոչ կ’ընէ գնել ամերիկեան զէնք, եւ հնարաւորինս շուտ միանալ հակաիրանական պատժամիջոցներուն։

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը յետխորհրդային տարածքին մէջ համակարգող Քարասինը կը տարակուսի՝ «եթէ սա հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու հրապարակային մասն է, կարելի է միայն ենթադրել, թէ ինչ ճնշումներու կ’ենթարկուին Հայաստանի իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներու կողմէ քուլիսներու ետին»։

Հարցազրոյցի ընթացքին Քարասինը նաեւ համեմատական տարած եւ յիշած է Ուքրանիայի եւ Վրաստանի ճակատագիրները։

Ան մասնաւորապէս ըսած է. – «Եթէ 2008-ին Վրաստանի իշխանութիւնները չհաւատային ՆԱԹՕ-ին Վրաստանի շուտափոյթ անդամակցութեան, Սաակաշվիլին հաստատ պատերազմ չէր սկսիր Հարաւային Օսիայի մէջ եւ Վրաստանը չէր կորսնցնէր իր տարածքները»:

Եւ սա, Քարասինի խօսքով, օրինակ է, թէ որքան անտարբեր է Արեւմուտքը այդ երկիրներու ճակատագիրներու հարցին վերաբերեալ, եւ սա պէտք է որ մտավախութիւն առաջացնէ միւս երկիրներուն, տուեալ պարագային Հայաստանի մօտ։

Քարասինը հարցազրոյցի աւարտին յոյս յայտնած է, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն անհրաժեշտ մանտաթ ստացած Հայաստանի նոր իշխանութիւնը անթաքոյց շանթաժին դիմակայելու ուժ կը գտնէ եւ կը պաշտպանէ ազգային շահերուն համահունչ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու իր ինքնիշխան իրաւունքը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment