Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արարատ Միրզոյեանը՝ ԱԺ Խօսնակ, Ալեն Սիմոնեանը, Լենա Նազարեանը՝ Փոխխօսնակներ

Արարատ Միրզոյեանը՝ ԱԺ Խօսնակ, Ալեն Սիմոնեանը, Լենա Նազարեանը՝ Փոխխօսնակներ

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին առաջադրուած է Արարատ Միրզոյեանի թեկնածութիւնը, փոխնախագահներու պաշտօնին՝ Ալեն Սիմոնեանի եւ Լենա Նազարեանի  թեկնածութիւնները: Այս մասին 19 Դեկտեմբերին, «Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ ընթացած «Իմ Քայլը» դաշինքի քննարկումէն ետք, լրագրողներուն ըսած է դաշինքէն ընտրուած պատգամաւոր Ալեն Սիմոնեանը:

«Իմ Քայլը» խմբակցութեան ղեկավարի պաշտօնին առաջադրուած է մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Լիլիթ Մակունցի թեկնածութիւնը, իսկ խմբակցութեան քարտուղարի պաշտօնին՝ տարածքային կառավարման եւ զարգացման փոխնախարար Յակոբ Սիմիտեանի:

«Ինչպէս նաեւ առաջադրուած են քանի մը յանձնաժողովներու նախագահներու թեկնածութիւններ, եւ կարելի է ըսել, որ խմբակցութեան կողմէ ընդունուած են այդ բոլոր առաջարկները»,- ըսած է Սիմոնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment