Home ԱՅԼԱԶԱՆ Թուրքիոյ Պետական «Անատոլու» Գործակալութիւնը Նշած է, որ Անին Եղած է Հայոց Բագրատունեաց Արքաներու Մայրաքաղաքը

Թուրքիոյ Պետական «Անատոլու» Գործակալութիւնը Նշած է, որ Անին Եղած է Հայոց Բագրատունեաց Արքաներու Մայրաքաղաքը

by MassisPost

Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը հայոց պատմական մայրաքաղաք Անիի վերաբերեալ նիւթ հրապարակած է, ուր նշուած է նաեւ, որ Անին 961-1045 թուականներուն եղած է հայոց Բագրատունեաց արքաներու մայրաքաղաքը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, հակառակ Անիի հայոց մայրաքաղաք ըլլալու հանգամանքը նշելուն, յօդուածին մէջ այն ներկայացուած է որպէս համընդհանուր պատմամշակութային ժառանգութիւն:

Յօդուածը մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրած է Անիի զբօսաշրջային նշանակութեան վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment