Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան․ Առաջիկայ Հինգ Տարիներուն Զինուած Ուժերուն Պիտի Յատկացուի Յաւելեալ 2,5 Միլիառ Տոլար

Փաշինեան․ Առաջիկայ Հինգ Տարիներուն Զինուած Ուժերուն Պիտի Յատկացուի Յաւելեալ 2,5 Միլիառ Տոլար

by MassisPost

«Յառաջիկայ հինգ տարիներին Զինուած ուժերի մարտունակութեան բարձրացման համար Հայաստանի կառավարութիւնը մտադիր է յատկացնել յաւելեալ 2.5 միլիառ տոլար», – խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կայացած կառավարութեան առաջին նիստի ժամանակ ըստ էութեան ծրագրային ելոյթ ունենալով՝ յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը:

Փաշինեանը առանձնացուցած է այն ռազմավարական նպատակները, որոնց յառաջիկային մտադիր է հասնիլ իր ղեկավարած կառավարութիւնը՝ ներդրումներու խրախուսում, ռազմաարդիւնաբերական համալիրի էական զարգացում, ինչը Հայաստանը կը դարձնէ թեխնոլոկիական երկիր, Զինուած ուժերու մարտունակութեան բարձրացում, բարձրագոյն կրթական համակարգը որակական նոր մակարդակի հասցնելը, լրջագոյն բարեփոխումներ առողջապահութեան ոլորտին մէջ, պետական համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացում, եւ որպէս այս ամէնի արդիւնք՝ Հայաստանի քաղաքացիներու բարեկեցութեան շօշափելի փոփոխութիւն:

«Տնտեսական յեղափոխութեան ծիրէն ներս ներդրումների խրախուսումն է, եւ պէտք է արձանագրել, որ Հայաստանի նկատմամբ ներդրումային մեծ հետաքրքրութիւն կայ, եւ այդ հետաքրքրութիւնն առաջիկայում շարունակելու է աճել: Ես ուզում եմ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր պետական պաշտօնեաների ուշադրութիւնը հրաւիրել այս հարցի վրայ, եւ իմ ուղիղ յանձնարարականն է՝ ստեղծել բոլոր պայմանները եւ չստեղծել որեւէ խոչընդոտ հնարաւոր ներդրողների համար: Յոյս ունեմ, որ որեւէ ազդակ չեմ ստանայ որեւէ պաշտօնեայի մասին, որ որեւէ ներդրումային նախագծի առջեւ խոչընդոտներ են յարուցուում եւ այլն», – նշած է վարչապետի պաշտօնակատարը:

Փաշինեանը յիշեցուցած է, նախընտրական կարեւոր խոստումներէն է բիւրոկրատական  քաշքշուկներու օրէնսդրութեամբ նախատեսուած հիմնարկի վերացումը եւ ընթացակարգերու հնարաւորինս պարզեցումը․ – «Առաջիկայ անելիքները ներդրումների խթանումն է, եւ պէտք է շատ արագ դրա համար բարենպաստ միջավայր եւ պայմաններ ստեղծել: Երկրորդ կարեւորագոյն անելիքը ռազմաարդիւնաբերական համալիրի զարգացումն է: Մենք պէտք է ի վիճակի լինենք էական զարգացում ապահովել ռազմարդիւնաբերական համալիրում, եւ այս խնդրի լուծումը ես կապում եմ Հայաստանը թեխնոլոկիական երկիր դարձնելու մեր տեսլականի, ինչպէս նաեւ Հայաստանում ճարտարապետական եւ թեխնիքական գիտական միտքը զարգացնելու հրամայականի հետ, ինչը, իհարկէ, առաջիկայ ամենակարեւոր անելիքներից է»:

Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութիւնը կտրուկ աւելցուցած է գալիք տարուան ռազմական պիւտճէն՝ 2019 թուականի համար այն հասցնելով գրեթէ 530 միլիոն տոլարի: 2018-ի պիւտճէով ՊՆ-ին յատկացուած էր 468 միլիոն տոլար:

«Առաջիկայ 5 տարուայ ընթացքում մենք պէտք է ի վիճակի լինենք զինուած ուժերի զարգացման նպատակի համար ներդնել շուրջ 2,5 միլիառ տոլար: Այդ միջոցները գտնելու ուղղութեամբ մենք պէտք է լրջագոյն աշխատանք տանենք: Խօսքը յաւելեալ միջոցների մասին է, որոնց մի մասը պէտք է ուղղուած լինի նաեւ զինծառայողների սոցիալական վիճակի բարելաւմանը», – ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը:

Անդրադառնալով կրթութեան, առողջապահութեան ոլորտներուն՝ ան յայտարարած է, որ կան լրջագոյն ընելիքներ․ – «Խօսքը բարձրագոյն կրթական համակարգը որակական նոր մակարդակի բերելն է, այն յստակեցնելը եւ անոր կապը իրականութեան եւ տնտեսութեան կարիքների հետ ուժեղացնելն է: Յաջորդ խնդիրը․ առողջապահութեան ոլորտում լրջագոյն բարեփոխումներ պէտք է իրականացուեն, որոնց նպատակը պէտք է լինի առողջապահութեան հասանելիութիւնը մեր հանրութեան հնարաւորինս լայն շերտերին: Որպէս այս ամէնի հանգուցալուծում կամ գագաթնակէտ՝ պէտք է ընկալենք քաղաքացիների սոցիալական (ընկերային) վիճակի եւ բարեկեցութեան մակարդակի էական փոփոխութիւնների արձանագրումը: Մեր խնդիրն է Հայաստանում ծայրայեղ աղքատութիւնը վերացնելը եւ աղքատութիւնն էականօրէն նուազեցնելը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment